Ազնաւուրի Քանդակը՝ Իր Անունով Հրապարակին Վրայ -
Ազնաւուրի Քանդակը՝ Իր Անունով Հրապարակին Վրայ
Այս տարուայ 22 Մայիսին կը լրանայ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան հերոս Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան հարիւրամեակը։ Բազմաբովանդակ ծրագիրներ կը մշակուին այս յոբելեանը արժանաւորապէս նշելու ուղղութեամբ։ Սեպտեմբերին մեծ համերգ մը պիտի սարքուի Երեւանի մէջ, բացի կառավարական յանձնաժողովի կողմէ այլ նախաձեռնութիւններ նոյնպէս պիտի իրագործուին՝ օտարերկրեայ արուեստագէտներու եւ քաղաքական գործիչներու մասնակցութեամբ։ Երեւանի քաղաքապետարանը մրցում յայտարարած էր Ազնաւուրի յուշարձանի համար։ Այս յուշարձանը 100ամեակին առիթով, յառաջիկային պիտի զետեղուի Ազնաւուրի անունով հրապարակին վրայ։
Նախընթաց օր աւելի քան 60 քանդակագործներ ներկայացուցին իրենց մանրակերտներու տարբերակները։ Յաղթող հռչակուեցաւ Դաւիթ Մինասեանի պատրաստած քանդակի մանրակերտը։ Դատակազմին մաս կը կազմէր նաեւ Ազնաւուրի որդին՝ Նիքոլա Ազնաւուր որ շատ հաւնած էր քանդակի նախատիպը։ Երկրորդ հանդիսացաւ Արմենակ Վարդանեանի քանդակը, որ խրախուսական դրամական պարգեւի արժանացաւ քաղաքապետութեան կողմէ։ Այժմ քաղաքապետութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ որ յւոշարձանը մինչեւ տարեվերջ իր տեղը գտնէ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com