​Ռուբինեան-Սէրտար Գըլըճ Բանակցութիւններ - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

02 Mart 2024  

​Ռուբինեան-Սէրտար Գըլըճ Բանակցութիւններ -

​Ռուբինեան-Սէրտար Գըլըճ Բանակցութիւններ ​Ռուբինեան-Սէրտար Գըլըճ Բանակցութիւններ

Յատուկ բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սէրտար Գըլըճ վերջին անգամ պաշտօնական բանակցութիւններ վարած էին 2022ի Յունիսին, Մոսկուայի մէջ։ Այդ ժամանակ կողմերը համաձայնած էին որ ցամաքային սահմանը բացուէր երրորդ երկիրներու հպատակներու համար՝ ամենասեղմ ժամկէտներու մէջ։ Այդ թուականէն ետք սահմանը բացուեցաւ ընդամէնը մէկ անգամ՝ այն օրերուն, երբ Հայաստան մարդասիրական օգնութիւն կը բերէր Թուրքիա, երկրաշարժի աղիտեալներուն օգնելու համար։

Ինչո՞ւ յառաջընթաց չկայ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները իրականացնելու հարցի շուրջ, ե՞րբ ի վերջոյ գոնէ երրորդ երկիրներու համար կը բացուի սահմանը։ Սէրտար Գըլըճի կողմէ ուղղակի պատասխան չհնչեց, միայն ակնարկներ եղան այն մասին որ Անգարա փոխադարձ վստահութեան քայլեր կ'ակնկալէ Երեւանէն։

Արդեօք այդ քայլերը կապ ունի՞ն Պաքուի պահանջները կատարելու հետ։ Թուրք դիւանագէտը չյստակացուց նաեւ այս կէտը, բայց առաջարկեց որ բանակցութիւնները վերսկսին, ընդ որում յառաջիկայ շաբաթ հանդիպում ունենան Երեւանի մէջ։ «Ռուբէնին կ'առաջարկեմ յառաջիկայ շաբաթ հանդիպում ունենալ Երեւանի մէջ եւ պատմական դարձնել այդ իրադարձութիւնը», ըսաւ Գըլըճ։

Արձագանգելով իր պաշտօնակցի խօսքերուն, Ռուբէն Ռուբինեան առաջարկեց քննարկել հրաւէրը եւ վերջնական որոշում կայացնել։ «Ես եւ դուք ատիկա յետոյ կը քննարկենք եւ կ'որոշենք թէ ե՞րբ եւ ուր կը հանդիպինք։ Ես ալ առաջարկ ունիմ ձեզի։ Հայաստան պատրաստ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ամբողջական բնականոնացման եւ սահմաններու բացման ճիշդ այս պահուն, այսօր, վաղը։ Եթէ Սէրտարը համաձայնութիւն յայտնէ, հիմա կրնանք յայտարարել այդ մասին ու պատմական դարձնել այս ֆորումը», ըսաւ Ռուբինեան։






Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+