Հայկօ Չեփքին Կը Փայլի «ճէքիլ Եւ Հայտ» Երաժշտախաղին Մէջ -
Հայկօ Չեփքին Կը Փայլի «ճէքիլ Եւ Հայտ» Երաժշտախաղին Մէջ
Յայտնի ռոք երգիչ Հայկօ Չեփքին վերջին տարիներուն բաժնուած է Իսթանպուլէն, բնակութիւն հաստատելով Քուշատասըի մէջ։ Հակառակ ատոր, ռոք երաժշտութեան սիրահարներու համար ան կը մնայ փնտռուած երգիչներէն մէկը։ Հայազգի երգչի մասնակցութեամբ համերգները միշտ կը սարքուին բացօթեայ կամ փակ լեփլեցուն սրահներուն մէջ։
Չեփքին երկու տարիէ ի վեր հանդէս կուգայ նաեւ «Ճէքիլլ եւ Հայտ» երաժշտախաղին մէջ, մարմնաւորելով Տօքթ. Ճէքիլի եւ Պր. Հայտի դերերը։ Երաժշտախաղը առաջին անգամ ներկայացուած էր Հոկտեմբեր 2022ին՝ «Զօրլու» համերգասրահին մէջ։ Այդ օրերուն Չեփքին բեմը կը բաժնէր Էլչին Սանկուի հետ, որուն յանձնուած էր Լիւսի Հարրիսի դերը։
Երկու տարի շարունակ երաժշտախաղը միշտ մնաց արուեստասէրներու ուշադրութեան կեդրոնին մէջ։ Թէեւ Չեփքինի գլխաւոր խաղընկերը փոխուեցաւ եւ այժմ իրեն հետ միասին գլխաւոր դերով բեմը կը բաժնէ Էօզնիւր Սերչէլէր, բայց ներկայացումը «կը շրջագայէ» Թուրքիոյ մէջ եւ բոլոր տոմսակները արդէն իսկ վաճառուած են։
Նախընթաց գիշեր խաղը ներկայացուեցաւ «Իւլքէր արենա» սրահին մէջ, ուր բոլոր աթոռները լեցուն էին։ Մարտին երաժշտախաղը պիտի բեմադրուի Իզմիրի, Իսթանպուլի եւ Անգարայի մէջ։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com