Գերմանիոյ Միջնորդութեամբ -
Միրզոյեան Ու Պայրամով Բանակցութիւններ Վարեցին Պերլինի Մէջ
28 Փետրուարին, Պերլինի մէջ ընթացք առաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճեյհուն Պայրամովի ղեկավարած պատուիրակութիւններուն հանդիպումը։ Այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ նշելով, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին նաեւ 29 Փետրուարին։ Անկէ ետք տեղի ունեցան Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Անալենա Պերպոքի անջատ հանդիպումները՝ Նախարարներուն հետ առանձին երկկողմ հանդիպումները, ապա՝ դարձեալ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու եռակողմ հանդիպումը։ Միրզոյեան Գերմանիոյ իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկեց տարածքաշրջանային ապահովական հարցեր։
Ըստ հայկական կողմին, Պերպոք-Միրզոյեան հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու գործընթացին։ Միրզոյեան, իր գերման պաշտօնակիցին ներկայացուց Հայաստան-Ատրպէյճան միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման առանցքային հարցերուն շուրջ Հայաստանի մօտեցումները, որոնք կը ցոլանան նաեւ Հոկտեմբերի 2023ին, Կրանատայի մէջ տեղի ունեցած քառակողմ հանդիպման իբրեւ արդիւնք ընդունուած յայտարարութեան մէջ. սահմանազատման գործընթացը 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրի, իսկ տարածքաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան յարգումով, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներու հիման վրայ իրականացնելու գծով։
Պերպոք աւելի կանուխ հանդիպում ունեցած էր նաեւ ատրպէյճանցի իր պաշտօնակցին հետ։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com