Շիշլիի Քաղաքապետութեան Ճէ-Հէ-Փէի Թեկնածուն՝ Մխիթարեան Վարժարանի Մէջ -
Շիշլիի Քաղաքապետութեան Ճէ-Հէ-Փէի Թեկնածուն՝ Մխիթարեան Վարժարանի Մէջ
Տեղական կառավարման մարմիններու՝ 31 Մարտի ընտրութիւններու մէջ Շիշլիի քաղաքապետութեան Ճէ-Հէ-Փէ կուսակցութեան թեկնածու առաջադրուած է Ռէսիւլ-Էմրահ Շահան, որ քարոզարշաւի շրջագծով նախաընտրական հանդիպումներ կ'ունենայ շիշլիցներու հետ, կը խօսի խնդիրներու մասին, կը ներկայացնէ իր ծրագիրները եւ մօտէն կը հետաքրքրուի թաղեցիներու հոգերով։
Երէկ ան այցելեց Մխիթարեան վարժարան եւ հիւրընկալուեցաւ Մատակարար Մարմնի անդամներուն եւ Տնօրէնութեան կողմէ։ Ներկայ էին Ատենապետ Ռաֆֆի-Ժոզէֆ Ալիք, Բ. Ատենապետուհի Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր, Գերյ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Սերովբեան, հիմնադիր Տօքթ. Սարգիս Սերոբ, գործակից այլ ընկերներ, նաեւ Ս. Յակոբ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պէրնար Սարըպայ, որոնք բոլորը մէկտեղուեցան Տնօրէնուհիներուն հետ։
Քաղաքապետի թեկնածուն խոստացաւ զօրակցիլ վարժարանի շէնքը ամրակայուն դարձնելու աշխատանքին, բացի ատկէ աջակցիլ մշակութային այն միջոցառումներուն, որոնք յառաջիկայ տարի պիտի սարքուին՝ Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200ամեակի առիթով։
Ճէ-Հէ-Փէցի քաղաքական գործիչը պատասխանատուներու հետ զրոյցէն ետք այցելեց նաեւ դասարաններ, զրոյցներ ունեցաւ ու լուսանկարուեցաւ աշակերտներուն հետ։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com