Հանգիստ Տ. Արիս Արք. Շիրվանեանի -
Հանգիստ Տ. Արիս Արք. Շիրվանեանի
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան երէկ վախճանած է։ Իր կորուստը իսկապէս շատ ցաւալի է եւ տարեմուտի դրութեամբ տխուր՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տեսակէտէ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն անդամներէն հոգելոյս սրբազանը 89 տարեկան էր։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Սուրբ Էջմիածնի ամբողջ միաբանութիւնը կը սգան բազմավաստակ եկեղեցականի՝ Տ. Արիս Արք. Շիրվանեանի մահը ու կ՚աղօթեն անոր հոգւոյ հանգստութեան համար։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ նորոգ հանգուցեալ սրբազան հօր եկեղեցւոյ կարգը այս կիրակի՝ յունուարի 7-ի երեկոյեան, Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ նախատեսուած է։ Օր մը վերջ՝ յունուարի 8-ին, ժամը 10.00-ին, յընթացս Սուրբ Պատարագի պիտի կատարուի Տ. Արիս Արք. Շիրվանեանի վերջին օծման եւ յուղարկաւորման կարգը եւ իր մարմինը պիտի ամփոփուի Մայր Աթոռի միաբանական գերեզմանատան մէջ։
Հոգելոյս Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան, աւազանի անունով՝ Արմենակ, 23 յուլիս 1934 թուականին ծնած էր Հայֆայի մէջ (Պաղեստին, այժմ Իսրայէլի տարածք)։ Տեղւոյն Ս. Եղիա նախակրթարանը աւարտելէ վերջ մեկնած էր Լիբանան, ուր յաճախած էր Պուրճ Համուտի, Պէյրութ, Սրբոց Քառասուն Մանկանց վարժարանը։
1952-1957 թուականներուն ուսանած էր Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Սրբոց Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ, զոր աւարտելէ վերջ ձեռնադրուած էր կուսակրօն քահանայ՝ անդամագրուելով Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան։ 1964 թուականին ուսանած էր Անգլիոյ Տարեմի համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէին մէջ՝ ստանալով Աստուածաբանութեան մագիստրոսի աստիճան։ 1964-1966 թուականներուն ուսանած էր նաեւ Փարիզի Կաթոլիկ համալսարանին մէջ։
Հոգելոյս սրբազանը սարկաւագ ձեռնադրուած էր՝ երջանկայիշատակ Տ. Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի կողմէ։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր՝ երջանկայիշատակ Տ. Տիրան Արք. Ներսոյեանի կողմէ։ Մասնաւոր վարդապետութեան չորս աստիճաններ ստացած էր՝ ձեռամբ հոգելոյս Տ. Ասողիկ Եպսկ. Ղազարեանի։ Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան ստացած էր՝ ձեռամբ հոգելոյս Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեանի։ 1974 թուականին եպիսկոպոսական օծում ստացած էր՝ ձեռամբ երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 2006 թուականին Հայրապետական սրբատառ կոնդակով արքութեան պատիւ շնորհած էր նորոգ վախճանեալ սրբազանին։
Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան եղած էր Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի փոխ-տեսուչ ու դասախօս, հոգեւոր հովիւ Ամմանի (Յորդանան) Ս. Թադէոս հայկական եկեղեցւոյ, նաեւ տնօրէնը՝ տեղւոյն Հեթումեան հայկական դպրոցին։
1960-ականներու կէսին ծառայութեան կոչուած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս՝ որպէս Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ 1970-ականներու սկիզբին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եղած էր Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի դասախօս, փոխ-տեսուչ, ապա տեսուչ։ 1970-ականներու կէսերուն եղած էր Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ։ Միջոց մը Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրաց ճեմարանի տեսուչի պաշտօնն ալ վարելու առընթեր, Երուսաղէմ վերադառնալով ստանձնած էր Ժառանգաւորաց վարժարանի տեսուչի պաշտօնը։ 2012 թուականին եղած էր Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռի Պատրիարքական տեղապահը։ Տարի մը վերջ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան միջեկեղեցական ու արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի գլուխը անցած էր, ստանձնելով նաեւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ բանբերի պաշտօնը։
Տ. Արիս Արք. Շիրվանեան վերջին տարիներուն յառաջացած տարիքի պայմաններով հաստատուած էր Հայաստան։ Իր կորուստով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն կը հեռանայ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին միշտ հաւատարմօրէն ծառայած բարձրաստիճան միաբան մը։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. ամէն։
Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com