​Անպատասխան Հարցումներ - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

04 Ocak 2024  

​Անպատասխան Հարցումներ -

​Անպատասխան Հարցումներ ​Անպատասխան Հարցումներ

Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան կողմէ Ամանորի գիշերը Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի պատգամին չհեռարձակուիլը հայկական համազգային օրակարգին վրայ խոր անհանգստութիւն յառաջացուցած է։ Լրատուամիջոցներն ալ կը շարունակեն անդրադառնալ այս հարցին։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հանրային հեռուստաընկերութիւնը այս կապակցութեամբ պարզաբանում մը չի ներկայացներ։ Հեռուստաընկերութեան տնօրէն Յովհաննէս Մովսիսեան եւ հանրային կապերու տնօրէնը անպատասխան թողած են ռատիօկայանի հեռախօսազանգերն ու նամակները, որոնց նպատակն էր պարզաբանում մը ստանալ։ Հանրային հեռուստատեսութեան այս լռութիւնով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ «Ազատութիւն» ռատիօկայանը տեղ տուած է նաեւ այս նիւթին վերաբերեալ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած քննարկումներուն։ Ոմանք կը յիշեցնեն, որ Հայաստան աշխարհավար պետութիւն մըն է, ոմանք խնդիրներ ունին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ, իսկ բացատրութիւն պահանջող քաղաքացիներն ալ համոզուած են, թէ այդ որոշման ետին իշխանութիւնը կանգնած է։ Արդեօք կառավարութի՞ւնը նման հրահանգ տուած է Հանրային հեռուստատեսութեան։ Ռատիօկայանը չէ յաջողած նաեւ այս հարցման պատասխանը ստանալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բանբերէն։ Երեւանի փողոցներուն մէջ ռատիօկայանը կարծիքը շօշափած է նաեւ զանազան անցորդներու, որոնք արտայայտած են հետեւեալ տեսակէտները.

«Երեւի բան մը պատահած է, երեւի իրարու բան մը ըրած են, թոյլ չէ տրուած, որ ելոյթ ունենայ Կաթողիկոսը»։

«Ես կը մտածեմ, որ աւելի ճիշդ կ՚ըլլար եթէ հրապարակէին, ամէն պարագայի մեր հոգեւոր առաջնորդն է»։

Բաց աստի, «Ազատութիւն» ռատիօկայանը կը յիշեցնէ, որ Վեհափառ Հայրապետին ելոյթը ո՛չ միայն չէ հեռարձակուած, այլեւ չէ տեղադրուած նաեւ Հանրային հեռուստաընկերութեան կայքէջին վրայ եւ անոր լրատուական ծառայութեան «YouTube»ին մէջ։

Հայաստանի ընդդիմութեան հակուած լրատուամիջոցները կ՚ընդգծեն, որ այնուամենայնիւ, իշխանութեան տեսակէտէ, ամենայն հաւանականութեամբ, անսպասելի էր իր վարքագծին դէմ հասարակական հակադարձումը։ Արդարեւ, Եկեղեցւոյ ձայնը փաստացիօրէն դարձաւ առաւել քան լսելի։

Իրաւաբան տքթ. Արթուր Ղամբարեան այս կապակցութեամբ բազմակողմանի մեկնաբանութիւններով հանդէս եկած է։ Ըստ իրեն, նախ հասարակութիւնը պէտք է հետամուտ ըլլայ, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն ժամանակ ամրապնդուի Եկեղեցւոյ հանրային առարկայ-իրաւական կարգավիճակը։ 2020 թուականին այս առաջարկը դժբախտաբար համապատասխան յանձնաժողովին կողմէ անհետեւանք թողուած էր։ «Մտահոգ եմ, որ ներկայիս յանձնաժողովը ոտնձգութիւն կ՚ընէ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 18-րդ յօդուածին դէմ», կ՚ըսէ իրաւաբանը։ Երկրորդ՝ պէտք է քննարկել «Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւն» փակ բաժնետիրականի եւ Հանրային հեռարձակողի խորհուրդի դէմ վերոյիշեալ կանոնը խախտելու համար դատական վարոյթներ յարուցելու ռազմավարութիւնը։

Ըստ մասնագէտի մատնանշումներուն, Հանրային հեռուստաընկերութիւնը՝ որպէս հանրային հեռարձակող, հիմնադրուած է կառավարութեան կողմէ, Հայաստանի Տեսալսողական մետիայի մասին օրէնքի 22-րդ յօդուածի տրամադրութիւններուն հիման վրայ։ Ան պարզապէս մասնաւոր իրաւունքի առարկայ մը չէ, որպէսզի գործէ ազատութեան սկզբունքով եւ հեռարձակէ իր մտքով անցածը, այլ հանրային իրաւունքի իրաւաբանական անձ մըն է, որ կը գործէ օրինականութեան սկզբունքի հիման վրայ։ Հեռուստաընկերութիւնը ունի նաեւ կարգ մը առանձնաշնորհումներ, որոնք պայմանաւորուած են իր հանրային իրաւական կարգավիճակով։ Հանրային հեռուստատեսութեան մասին կը յիշատակուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 196-րդ յօդուածին մէջ։

Բաց աստի, մասնագէտ իրաւաբանը խիստ վիճելի կը համարէ սահմանադրականութիւնն ու անկախութիւնը Հանրային հեռարձակողի խորհուրդին, որ Հանրային հեռուստաընկերութեան գործունէութիւնը կը վերահսկէ։ Առաջին հայեացքով կը թուի, թէ անոր գործունէութիւնը պէտք է վերահսկուէր Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովին կողմէ, որ, ըստ Սահմանադրութեան 196-րդ յօդուածին կը վերահսկէ Հանրային հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի մէջ տեղեկատուական, կրթական եւ այլ հաղորդումներու բազմազանութեան ապահովումը։ Եւ կամ այդ խորհուրդը պէտք է ունենար առնուազն ինքնավար մարմնի մը սահմանադրական կարգավիճակը, որպէսզի անոր անդամները նշանակուէին խորհրդարանին կողմէ, համապատասխան կարգով։ Մինչդեռ, 2020 թուականին ընդունուած օրէնքով այդ խորհուրդին նման կարգավիճակ մը չէ տրուած եւ աւելին՝ նոյն օրէնքով սահմանուած են, որ խորհուրդի անդամները մրցութային կարգով նշանակէ վարչապետը։

Այս բոլորի լոյսին տակ, իրաւաբանը կ՚ընդգծէ, որ բոլոր պարագաներու մէջ առաջին իսկ հայեացքով խախտուած է «Հաստատութիւն-գործառոյթ-լիազօրութիւն» եռամիասնութեան սահմանադրական ներդաշնակութիւնը, որ դատական քննութեան առարկայ պէտք է դառնայ։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+