Ամեանապատիւ եւ Գերերջ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքի Ամանորեան ուղերձը -
Ամեանապատիւ եւ Գերերջ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքի Ամանորեան ուղերձը
2024-ի ընթացքին կ’ակնկալենք եւ կ’աղօթենք, որ նախ՝ մենք մեզ վերականգնենք եւ կատարենք ճիշդ գնահատանքը մեր անձին: Ապա՝ երանի՜, եթէ մոռնանք ատելութիւնն ու քինախնդրութիւնը, ինչպէս նաեւ երանի՜, եթէ սէր տարածենք մեր ընտանիքներուն եւ հասարակութիւններուն մէջ:Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը Ամանորին առիթով, որ կը համընկնի թէ՛ «Տնօրէնութեան եւ Անուան Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի» տօնին եւ թէ՛ «Խաղաղութեան համաշխարհային օր»-ուան հետ, ուղերձ մը յղեց առաջնորդներուն եւ եպիսկոպոսներուն, հոգեւոր հովիւներուն, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին զաւակներուն, ուր ալ անոնք կը բնակին՝ Հայրենիքին մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին։
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրն ըսաւ.
«Եղբայրնե՜ր եւ Քոյրե՜ր, այսօր արդէն կ’ամբողջանայ տարի մը եւս, ու կը դիմաւորենք նորը՝ յուսալով եւ աղօթելով, որ ըլլայ դրական մեծ ակնկալութիւններով ու վերանորոգ գործունէութեամբ առլցուն տարի մը:
2024-ի ընթացքին կ’ակնկալենք եւ կ’աղօթենք, որ նախ՝ մենք մեզ վերականգնենք եւ կատարենք ճիշդ գնահատանքը մեր անձին: Ապա՝ երանի՜, եթէ մոռնանք ատելութիւնն ու քինախնդրութիւնը, ինչպէս նաեւ երանի՜, եթէ սէր տարածենք մեր ընտանիքներուն եւ հասարակութիւններուն մէջ:
Այս բարի մտադրութեամբ, ջերմ աղօթքով եւ սրտագին մաղթանքով կ’ողջունենք նոր տարին մեր Տիրոջ ու Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Անունով եւ «Խաղաղութեան համաշխարհային օր»-ուան մեկնարկով, ինչպէս նաեւ յոյսին մէջ, որ մեզի կը տրուին նոր հնարաւորութիւններ՝ զգալու աստուածային ողորմութիւնն ու շնորհը, կոտրելու եսասիրութեան, ատելութեան եւ վախերու սառոյցը:
Այո՛, եսասիրութեան, ատելութեան եւ վախերու սառոյցը կը մտատանջէ մեր միտքը նկատմամբ անդամալուծուած Լիբանանի, վտանգուած Հայաստանի, վիրաւոր Արեւելքի եւ այլ երկիրներու, որոնք կը տառապին պատերազմներու, աւերածութիւններու, ոճիրներու, ինչպէս նաեւ ազգային, տնտեսական ու քաղաքական ճգնաժամերու բեռին տակ:
Յիսուսի Անունով՝ Ամանորը մեր մէջ թող գոյացնէ ներումի սէրն ու ամրապնդէ հաշտութեան ոգին, որպէսզի այլեւս վերջ գտնեն ձախորդութիւններու ժամանակը եւ սկսի աշխատանքի ու վերանորոգումի ժամանակը՝ առաջադրելու եւ կառուցանելու համար նախագիծեր, որոնք լաւ արդիւնքներ կու տան ու կ’օգտագործեն մարդկային ներուժը՝ խուսափելու համար ընկերային աղէտներէ, ինչպէս՝ արտագաղթին երկընտրանքէն...:
Այո՛, իմ սիրելի Եղբայրներ եւ Քոյրեր, մենք պէտք է վեր կանգնինք մեր շահերէն եւ եսասիրութենէն, որպէսզի համայնական սէրը մեր մէջ տիրող ըլլայ։ Մենք պէտք է կերտենք մեր Երկիրն ու Հայրենիքը համերաշխութեամբ եւ իրարօգնութեամբ՝ պահպանելով մեր ընտանեկան սրբութիւնները եւ հաւատարիմ մնալով Սուրբ Ընտանիքին արժէքներուն ու առաքինութիւններուն։ Ահաւասիկ, ա՛յսպէս է, որ մենք կը հասնինք իսկական խաղաղութեան եւ արդարութեան:
Վերջապէս, առիթէն օգտուելով՝ անգամ մը եւս կոչ կ’ուղղեմ ձեզի Յիսուսի Անունով, որ մնաք հայրենասիրութեան ու մարդասիրութեան ոգիով: Անոնց հաւատարիմ մնալու պարագային՝ մենք արժանի կ’ըլլանք խաղաղութեան օրուան եւ արժանի կ’ըլլանք մասնակցելու համաշխարհային խաղաղութեան կերտումին ու հաստատումին։
Այսպիսով, 2024 տարուան ընթացքին, մենք իրականացուցած կ’ըլլանք մեր յոյսերը՝ պահպանելով բոլորին իրաւունքները, յատկապէս՝ մեր մէջ գտնուող զրկուածներուն եւ տկարներուն իրաւունքները։
Մեր երկնաւոր Հօր օրհնութիւնը թող իջնէ բոլորին ու բոլորիս վրայ: Յիսուսի Անունով եւ Մարիամի բարեխօսութեամբ՝ 2024-ը թող օրհնեալ ու բարեբեր տարին ըլլայ բոլորին եւ բոլորիս համար: Ամէն»։
Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com