Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ- Բանկալթըի Մխիթարեան Անարատ Յղութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

25 Aralık 2023  

Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ- Բանկալթըի Մխիթարեան Անարատ Յղութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ -

Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ- Բանկալթըի Մխիթարեան Անարատ Յղութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ- Բանկալթըի Մխիթարեան Անարատ Յղութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

Երէկ կարճ տողերով արձագանգ հանդիսացած էինք կաթոլիկ աշխարհէն ներս Ս. Ծննդեան տօնակատարութեանց եւ Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Պատարագին։ Մխիթարեան վարժարանէն այս առտու յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստացանք այդ արարողութեանց մասին։ Ստորեւ՝ թղթակցութիւնը.

24 Դեկտեմբեր 2023, Կիրակի երեկոյ Բանկալթրի Մխիթարեան Ուխտի Իսթանպուլի Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի հանդիսաւոր արարողութիւն։ Մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի որպէս մարդ աշխարհի մէջ երեւումը անգամ մը եւս տօնուեցաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ։

Ս. Պատարագը մատոյց Գերյ. Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։ Իսկ դասուն մէջ ներկայ էր Գերյ. Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն։ Որպէս դպիր Ս. Սեղանին կը սպասարկէր Աստուծոյ երկարամեայ անխոնջ ու նուիրեալ ծառայ Պարէտ Ալթընթոփուղ։ Բանկալթըի Մխիթարեան Վարժարանի տնօրէնութիւնը, ատենապետ Ռաֆայէլ-ժոզէֆ Ալիքի գլխաւորութեամբ Մատակարար Մարմինը: Ծնողաց Միութիւնը, ուսուցչաց կազմը եւս հետեւեցան արարողութեան: Իսկ ձրագալոյցի Ս. Պատարագի հոգեպաբար երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ Մխիթար երգչախումքբի կողմէ` խմբավարութեամբ վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Լեռնա Պ. Ագպուլութի:

Օրուան քարոզը խօսեցաւ Գերյ. Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. էրմէն, որ մասնաւորաբար ծանրացաւ Ս. Ծննդեան իմաստին վրայ։ Ուրախութիւն. խաղաղութիւն. հաշտութիւն եւ լոյա, ահաւասիկ այս չորս տարրերուն համադրութիւնն էր Ս. Ծննդեան իմաստը: «Եթէ Ծնունդը մեր մէջ չզգանք, ան ամպի մը նման մեր վրայէն կանցնի կերթայ», ըսաւ. Գերյարգելի վարդապետը, մատնանչելով այս տօնը ի խորոց սրտէ ապրելու կարեւորութիւնը։ Հայր Սարգիս ներկաներուն թելադրեց նաեւ Ս. Ծննդեան սեղանէն անպակաս ընել աղօթքը, որպէսզի մեր սիրասուն գաւակներն ալ կարենան թափանցել Ս. Ծննդեան խորհուրդին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի վարժարանի է. դասարանի աշակերտները հանդէս եկան Ս. Ծննդեան ներկայացումով մը. որուն բնագիրը գերմաներէնէ հայերէնի թարգմանուած էր Մխիթարեան Հայր` Գերյ. Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի կողմէ եւ կը ներկայացնէր Յիսուս Մանուկի ծնունդը: Շնորհալի աղջիկներ կը մարմնաւորէին երկնքի աստղերը։ Իսկ գիսաւոր աստղը առաջնորդ էր մոգերուն, որոնք եկած էին ողջունելու Քրիստոսի ծնունդը մսուրին մէջ եւ մատուցանելու իրենց նուէրները։ Յիսուսի ծննդեան դրուագը այս կերպով պատմուեցաւ մանուկներու բերնով. որոնք միաբերան կը փառաբանէին զԱստուած գոչելով,
«Փա՜ռք ի բարձունս Աստուծոյ
Փա՛ռք ի բարձունս Աստուծոյ»:

Ներկայացման աւարտին կը հնչէր նաեւ պատգամը. «Եկէ՛ք. երթանք եւ մեր լոյսը ուրիչներու նուիրենք»: Ուստի այն փոքրիկ աղջիկները. որոնք կը մարմնաւորէին աստղերը. ժողովուրդին բաժնեցին գունաւոր մոմեր, իրենց լոյսէն բաժին հանելով ամբողջ աչխարհին: Այսպէս Յիսուս Մանուկի հրաշափառ ծնունդով երկինքէն լոյս կը եղար մարդոց վրայ եւ աստղերուն անսպառ լոյսը մոմավառութեամբ աչխարհս կ'ողողէր խաղաղութեամբ ու բիւր բարիքներով։ Անմիջապէս աւելցնենք որ ներկայացման պատրաստութեան փուլին դերակատար տղաքը մարզուած էին իրենց հայերէնի ուսուցչուհի Վերա Չըքընօղլուի կողմէ։

Մխիթարեանցի փոքրիկներուն ներկայացման յաջորդեց վարժարանի մանկապատանեկան երգչախումբին ելոյթը, կրկին վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Լեռնա Պալօղլու Ագպուլութի մականին ներքեւ։ Երդ չախումբը մեծ ոգեւորութեամբ մեկնաբանեց Ս. Ծննդեան գողտրիկ երգեր. հաւատացեալներուն սրտերուն մէջ ներմուծելով Ս. Ծննդեան մեծ ցնծութիւնը։

Աւարտին հաւատացեալ ժողովուրդի ուղղեալ քաջալերական խօսքերով հանդէս եկաւ Գերյ. Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։

Վարդապետը ներկաները քաջալերեց, որպէսզի իրենց զաւակները առաջնորդեն դէպի եկեղեցի` դէպի Աստուծոյ տունը. մաս կազմելու այդ ջերմիկ տան մէջ կատարելի ամէն տեսակ ձեռնարկի, չէ՞ որ եկեղեցւոյ մէջ մանուկներուն բերնէն հնչած ամէն մէկ խօաք. ամէն մէկ երգ. անոնց կողմէ կատարուած ամէն մէկ չարժում` ինքնին Աստուած բարձրացած աղօթք մըն է. որ տղոց կողմէ կը փոխանցուի համայն հաւատացեալ ժողովուրդին, զանոնք միաւորելու համար նոյն խորհուրդին չուրջ եւ այսպէս` կազմելու համար Յիսուս Քրիստոսի մարմինը։ Հայր Յակովբոս չմոռցաւ նաեւ Ս. Ծննդեան իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները ցողել բոլոր ներկաներուն ու նաեւ համայն բրիստնեայ աչխարհին: Վարդապետին խրախուսիչ խօսքերուն վրայ հաւատացեալներ զիրար չնորհաւորեցին իրարու փոխանցելով մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի ծննդեան գերապանծ աւետիսը: Այս առթիւ Մխիթարեան Հայրերու եւ Մատակարար Մարմնի կողմէ զատ զատ Ս. Ծննդեան ծրարիկներ յանձնուեցան բոլոր մասնակից աչակերտներու:

Իսկ 25 Դեկտեմբեր 2023, Երկուշարթի կրկին Բանկալթրի Մխիթարեան Ուխտի Անարատ հղութիւն եկեղեցւոյ մէջ Գերյ. Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Ս. Ծննդեան հանդիսական անմահ, Պատարագ եւ հաւատացեալներուն սրտերը կրկին անգամ` լիացան Յիսուս Մանուկի ծննդեան պարգեւած մեծ ու սքանչելի հրճուանքով: Այապէս` Ս. Ծնունդը առիթ դարձաւ, որպէսզի վերանան մարդոց հոգիները եւ հաղորդուին այս նչանակելի տաղաւարին անըմբռնելի խորհուրդին հետ:







Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+