Արցախի Հանրապետութեան լուծարման մասին հրամանագիրը այլեւս գոյութիւն չունի -
Արցախի Հանրապետութեան լուծարման մասին հրամանագիրը այլեւս գոյութիւն չունի
Արցախը լուծարելու մասին հրամանագիրն այլեւս գոյութիւն չունի, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին պնդեց Արցախի նախագահի խորհրդական Վլատիմիր Գրիգորեանը` ընդգծելով, որ ատոր համար հիմք կը հանդիսանայ նախագահի 19 հոկտեմբերի հրամանագիրը, որուն համաձայն 1 հոկտեմբերէն Արցախի նախագահը, պետական նախարարը, կառավարութեան անդամները, դատաւորները, մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, խորհրդարանը, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, իրաւապահ մարմինները, Ստեփանափակերտի քաղաքապետն ու վարչական շրջաններու ղԱրցախը լուծարելու մասին հրամանագիրն այլեւս գոյութիւն չունի, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին պնդեց Արցախի նախագահի խորհրդական Վլատիմիր Գրիգորեանը` ընդգծելով, որ ատոր համար հիմք կը հանդիսանայ նախագահի 19 հոկտեմբերի հրամանագիրը, որուն համաձայն 1 հոկտեմբերէն Արցախի նախագահը, պետական նախարարը, կառավարութեան անդամները, դատաւորները, մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, խորհրդարանը, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, իրաւապահ մարմինները, Ստեփանափակերտի քաղաքապետն ու վարչական շրջաններու ղեկավարները կը շարունակեն պաշտօնավարել հասարակական հիմունքներով, այսինքն` առանց վարձատրութեան:
Նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի այդ հրամանագիրին մէջ նաեւ կը նշուի, որ 1 հոկտեմբեր 2023-էն ետք Արցախի Հանրապետութեան անունով տրուող փաստաթուղթերը վաւերական են:
Միւս կողմէ, Արցախի տեղեկատուական շտապը կը հաղորդէ, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան 22 դեկտեմբերին հանդիպած է այն պետական մարմիններու ղեկավարներու հետ, որոնք կը շարունակեն պաշտօնավարել հասարակական հիմունքներով: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են բռնի տեղահանումէն ետք արցախցիներու հիմնախնդիրները, անոնց լուծման ուղղութեամբ ներկայացուած են առաջարկներ:
Ներկայացնելով կատարուած եւ կատարուող աշխատանքները` նախագահ Շահրամանեան ընդգծած է 2024 թուականին զանոնք շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, Ստեփանակերտի քաղաքապետին եւ շրջանային վարչակազմերու ղեկավարներուն յանձնարարած է շարունակել գոյքագրել բռնի տեղահանուած քաղաքացիներու խնդիրներն ու պարբերաբար ներկայացնել կառավարութեան:
Անդրադառնալով վերջին շրջանին լայն քննարկում ստացած նախագահի` 26 սեպտեմբերի հրամանագիրին` Սամուէլ Շահրամանեան ընդգծած է, որ Արցախի Հանրապետութեան իրաւական դաշտին մէջ գոյութիւն չունի փաստաթուղթ, որով կը նախատեսուի լուծարել պետական հաստատութիւնները:
Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com