«Արաս» Հրատարակչատան Ամանորեայ Տօնավաճառը - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

18 Aralık 2023  

«Արաս» Հրատարակչատան Ամանորեայ Տօնավաճառը -

«Արաս» Հրատարակչատան Ամանորեայ Տօնավաճառը «Արաս» Հրատարակչատան Ամանորեայ Տօնավաճառը

«Արաս» եւ «Իսթօս» հրատարակչատուները շաբաթավերջին միասնաբար գրքի տօնավաճառ մը սարքեցին Մօտայի «Մշակոյթի կեդրոն»ի սրահներուն մէջ։ Թաղի բնակիչները մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին եւ այցելուներու հոսքը չպակսեցաւ երկու օրերու ընթացքին։

Բացի գիրքերու վաճառքէն սարքուեցան նաեւ հրապարակային ասուլիսներ։ Շաբաթ օր հիւրընկալուեցաւ Սիլվա Էօզեէրլի, որ պատմեց լիքէօրի պատրաստութեան մասին եւ վերջաւորութեան իր պատրաստած լիքէօրները բաժնեց ներկաներուն։

Երէկ, «Արաս»ի կողմէ հրատարակուած նորատիպ «Իսթանպուլ. թաղեր, կեանքեր եւ յիշողութիւններ» հատորի հեղինակ Պէրքէն Տէօնէրն է որ ծանօթացուց իր գիրքը։ Այս գրքին մէջ հաւաքուած պատմութիւնները զրոյցներու միջոցաւ գրի առնուած յիշողութիւններ են այն մարդոց հետ, որոնք հետք թողած են իրենց ապրած թաղի ու քաղաքին մէջ։ Հեղինակը Պէրքէն Տէօնէր, գրքի մը մէջ հաւաքած է յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են «Կազէթէ Տուվար»ի կայքէջին վրայ եւ կ'առաջարկեն Իսթանպուլը «կարդալ» զանազաններու դիմանկարներու, անհատներու եւ ընտանիքներու յիշողութիւններով ձեւաւորուած պատմութիւններու ընդմէջէն։ Տէօրնէր հրապարակային զրոյցի աւարտին, նաեւ գիրքը մակագրեց փափաքողներուն։

Երկօրեայ տօնավաճառը վերջացաւ Սեւան Աթաօղլուի «տի ճէյ»ութեամբ հրամցուած երգերով ու «Սըլայա կիտէն եոլ» հատորին մէջ ներկայացուած երգերու ունկնդրութեամբ։

«Արաս»էն մեզի տեղեկացուցին որ տօնավաճառը յաջողեցաւ իր նպատակին մէջ։ Գրասէրներ, որպէս ամանորեայ նուէր, իրենց գնումներուն մէջ տեղ յատկացուցին «Արաս»ի ու «Իսթոս»ի հրատարակութիւններուն։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+