Շիշլիի Մարզական Ակումբի Ամանորեայ Տօնավաճառը - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

18 Aralık 2023  

Շիշլիի Մարզական Ակումբի Ամանորեայ Տօնավաճառը -

Շիշլիի Մարզական Ակումբի Ամանորեայ Տօնավաճառը Շիշլիի Մարզական Ակումբի Ամանորեայ Տօնավաճառը

Շիշլիի Մարզական Ակումբի վարչութիւնը հինգ տարիէ ի վեր Ամանորեայ գնումներու տօնավաճառ-փառատօն կը սարքէ մեր համայնքի անդամներուն։ Այս տարի եւս հանդիպման վայրը Բանկալթըի «Ռամատա» պանդոկի սրահներն էին։ Անոնք, որոնք մասնակցութիւն բերին տօնավաճառին եւ Ամանորեայ իրենց ապրանքները վաճառքի հանեցին, նաեւ մեծաթիւ այցելուներ ուրախալի ժամեր անցուցին վարչութեան կողմէ պատրաստուած յայտագրին շնորհիւ։ Միայն վաճառք չէ որ տեղի ունեցաւ, այլ երգ-երաժշտութիւն եւ զուարճութիւն։

Ձեռնարկի կազմակերպիչ խումբին մէջ ընդգրկուած էին Արթօ Փեհլիվանեան, Տիանա Ալթուն, Սարօ Ագչէլեան, Սոնա Ճերմակեան, Սելին Կէզէրօղլու, Գարին Աւիթօղլու եւ Խաչիկ Ինկիլիզօղլու։ Անոնք ամիսներ առաջ սկսած էին նախապատրաստութիւններուն, խնամեալ աշխատութիւն մը տանելով նախապատրաստութիւններուն համար։

Օրը հիանալի գնացք մը ունեցաւ, տօնավաճառին մասնակից 41 «սեղաններ» այցելուներու մեծ հոսք մը ապահովեցին ամբողջ օրուայ ընթացքին ու հակառակ որ եղանակը շատ աննպաստ էր, մարդիկ չուզեցին բաց թողուլ այս տօնավաճառը։ Մօտաւորապէս 1000 հոգի այցելեց տօնավաճառ եւ գնումներ կատարեց։

Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով, բոլոր տաղաւարներուն բաժնուած էին վիճակախաղերու քարտեր, որոնք աւելի գրաւիչ դարձուցին գնումները։ Այցելուները գեղեցիկ նուէրներ ալ ստացան իրենց գնումներուն շնորհիւ։

Ժամը 17.00ին վիճակահանութեան բոլոր քարտերու միջեւ վիճակահանութիւն կատարուեցաւ, յաղթողներուն յանձնուեցան իրենց նուէրները։
Վարչութեան Ատենապետ Ալէն Թէքպըչաք շնորհակալութեան ծաղկեփունջ մը նուիրեց Տիկին Լեռնա Պըյըքլըի, որ հինգ տարի անընդմէջ մասնակցութիւն կը բերէ այս ձեռնարկին եւ միշտ կը նախընտրէ թիւ մէկ տաղաւարը։ Յուշատախտակ մը յանձնուեցաւ նաեւ միջոցառման հովանաւոր «Ռափալա» ընկերութեան սեփականատէրերէն Արտա Զարմանօղլուին։

Երգիչ Արի Պարութօղլու, հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին, մասնակցեցաւ յայտագրին ու իր գեղեցիկ երգերով խանդավառեց ամբողջ դահլիճը։ Վարչութիւնը նուէր մը ունէր նաեւ Արի Պարութօղլուի համար. անոր նուիրուեցաւ իր անուն մականունով դրոշմուած մարզաշապիկ մը։
Թէ՛ կազմակերպիչները, թէ մասնակիցները եւ թէ այցելուները ուրախ ապրումներով հեռացան տօնավաճառէն, ձեւաւորելով ընկերային լաւ յարաբերութիւններ։

Այս միջոցառումը ակումբի յաջողած ձեռնարկներէն մէկը դարձաւ, արժանանալով բոլորի գնահատանքին։




Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+