Ի՞նչ Պատմեց Պետրոս Շիրինօղլու - Հայերէն
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

17 Aralık 2023  

Ի՞նչ Պատմեց Պետրոս Շիրինօղլու -

Ի՞նչ Պատմեց Պետրոս Շիրինօղլու Ի՞նչ Պատմեց Պետրոս Շիրինօղլու

Այս առտու կապ հաստատեցինք նաեւ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, որ իր տեսակէտները բաժնեց մեզի հետ։ Հրաժարականի դրդապատճառներուն անդրադառնալուն առընթեր, խօսեցաւ նաեւ Հիւանդանոցի հարցերու մասին, ըսաւ որ կը պատրաստուին երեք նոր բաժիններ բանալու, հետեւաբար իրենց ծախսերն ալ բարձր են եւ առաջնահերթ իրե՛ն համար։ Տեսնենք թէ ան ի՞նչ ըսաւ.-
Ես 14 տարիէ ի վեր կ'ազդարարեմ մեր վագըֆներու պատասխանատուները ու հիմա ցաւով կ'արձանագրեմ որ մեր կրթական հաստատութիւնները հասած են սնանկ վիճակի։ Տարեսկզբին, ԷՐՎԱՊի առաջին ժողովէն ետք յայտարարութեամբ մը հաստատեցի որ 5 միլիոն լիրա կրնանք յատկացնել։ Այս տարի հիւանդանոցի պիւտճէն 35 միլիոն լիրա է, ինձմէ կը պահանջեն որ 25 միլիոն լիրա յատկացնեմ դպրոցներուն։ Հիւանդանոցին պիտի մնայ 10 միլիոն լիրա, այն ատեն ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւենք հիւանդանոցի ծախսերը։ Երբ ես կը խօսէի, ականջ չէին տար։ Մինչդեռ Կրթական Նախարարութիւնը, կրթական տնօրէնութիւնները հինգ տարիէ ի վեր պարբերաբար կ'ազդարարէին, կ'ըսէին որ ձեր դպրոցներու շէնքերը հին են, լուծում գտէք։ Իմ կարծիքն այն է որ մեր դպրոցները իրե՛նք զիրենք պէտք է ազատեն, իրե՛նք ալ միջոցներ պէտք է գտնեն։ Մեզի թող չվստահին։ Կը տեսնենք թէ ի՞նչ կ'անցնի-կը դառնայ։ Վարժարանները իրարմէ աշակերտ կը գողնան, ծնողները անտարբեր են, չեն մասնակցիր ծախսերուն։ Ես կը կարծեմ որ կրնանք կարգ մը վարժարանները իրարու միացնել։ Օրինակ լիսէները համախմբել Էսաեան վարժարանի երդիքին տակ, այդ դպրոցի շէնքը տոկուն է եւ վտանգ մը չի ներկայացներ։
Հոս կ'ուզեմ շեշտել որ Պր. Աքսէլ առանց ինծի հետ խորհրդակցելու, յայտարարեց որ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան կողմէ աւելի բարձր գումար պիտի տրամադրուի, մինչդեռ ես այդպիսի խոստում չէի տուած։
Հիւանդանոցի խնդիրներու մասին եւս խօսիլ կ'ուզեմ։ Այժմ երեք նոր բաժիններու շինութիւնը կ'իրականացնենք։ Մօտիկ ապագային պիտի բացուին քաղցկեղի դարմանումի, սիրտ-անօթային վիրաբուժութեան եւ յառաջադէմ շողանկարումի ¤հաւանաբար ՓԷԹ թեսթ, եւլն_ բաժինները։ Ասոնց համար հսկայական գումարներ կը ծախսուին, հետեւաբար առաջնահերթութիւնը կ'երթայ հիւանդանոցին։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+