Գալֆաեան Տունը Զօրակցութեան Կը Սպասէ - Gündem
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Gündem :

07 Aralık 2023  

Գալֆաեան Տունը Զօրակցութեան Կը Սպասէ -

Գալֆաեան Տունը Զօրակցութեան Կը Սպասէ Գալֆաեան Տունը Զօրակցութեան Կը Սպասէ

Հայ ժողովուրդի կրօնաբարոյական կեանքին մէջ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ունեցած տիրապետող դերը նկատի ունենալով, անվարան կարելի է փաստել որ դարերու ընթացքին հիմնուած բարեպաշտական հազարաւոր հաստատութիւններու շարքին, միայն հազուադէպօրէն կարելի է հանդիպիլ կազմակերպեալ կուսանոցներու կամ կանացի սրբանուէր միաբանութիւններու։

Ուսանելի եւ զարմանալի երեւոյթ է որ հազուագիւտ այդ հաստատութիւններէն մէկը հիմնուած է Պոլսոյ, այսինքն՝ այլադաւան ու առաւելագոյն չափով բազմատարր կայսրութեան մը մայրաքաղաքի, ատենօք ամէնէն քաղքենիացած թաղերէն մէկուն՝ Խասգիւղի մէջ։

Գալֆաեան Միաբանութիւնը 18րդ դարու 60ական թուականներէն սկսեալ կատարած է իսկապէս նախախնամական գործ մը, որպէս որբ պարմանուհիներու պատսպարան եւ աննեցուկ աղջիկներու գիշերօթիկ վարժարան, արդարօրէն վայելելով պոլսահայութեան վերնախաւի համարումն ու մնայուն հոգածութիւնը։

Դժբախտ պարագաներու բերումով, իր պատմական փառաւոր կայքէն հեռացած եւ ժամանակի աններելի հոլովոյթով ալ իր նուիրեալ միաբան քոյրերէն զրկուած ըլլալով հանդերձ, ուրախութիւն է այն որ Գալֆաեան անունը կը գոյատեւէ համայնքային հինգ ազգային հաստատութիւններէն մէկուն՝ «Գալֆաեան Տան» ճակատին եւ իբրեւ պատմական ապրող խորհրդանշան՝ համազգային յարգանք եւ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ իր վրայ։

Այս Կիրակի, 10 Դեկտեմբերին, Աթոռանիստ Մայր տաճարի արարողութիւնները նուիրուած են Գալֆաեան Տան։ Պոլսահայութեան համար նախախնամական այս հաստատութեան վարիչներն ու պատասխանատուները, սիրասուն աշակերտները համերաշխ բոյն մը ունին Սկիւտարի բարձունքին վրայ։ Կը մնայ որ համայնքը բարոյապէս ու նիւթապէս աջակից ըլլայ Խնամակալութեան։

Եւ ուրեմն՝ համայնքային ապրումներու Կիրակիի ժամադրավայրը Գումգաբուն, նպատակը՝ Գալֆաեան Տան ի նպաստ նուիրահաւաքման զօրակցութիւնն ու մասնակցութիւնը։

Մաղթենք որ յաջողութեամբ պսակուին պատասխանատուներուն ջանքերը։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+