Սահմանը Պիտի Բացուի՞ Թէ Ոչ -
Սահմանը Պիտի Բացուի՞ Թէ Ոչ
Վերջին օրերուն հայաստանեան մետիան լայն տեղ կուտայ հայ-թրքական ցամաքային սահմանակէտերէն Մարգարայի անցակէտի բացման հարցին։ Նախընթաց օր Արտաքին Գործոց յայտարարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց որ իրենք պատրաստ են, գնդակը ուղարկելով թրքական դաշտ։
Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, առանց այլ մանրամասնութիւններ տալու, երէկ ըսաւ, որ այս պահուն Երեւանի եւ Անգարայի յատուկ ներկայացուցիչներու հաւանական հանդիպման մասին քննարկում չկայ։ Հայ-թրքական յարաբերութեան բնականոնացման հարցի յատուկ բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սէրտար Քըլըչ մինչեւ հիմա ունեցած են պաշտօնական չորս հանդիպում, վերջինը շուրջ մէկուկէս տարի առաջ՝ Վիեննայի մէջ։ Այդ հանդիպման ընթացքին է որ կողմերը պայմանաւորուած էին բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար՝ ամէնէն սեղմ ժամկէտներու մէջ։ Իրականացման գծով, սակայն, յառաջընթաց չկայ։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com