Ֆրանսա Չ`ուզեր Կրկնել Ուքրանիոյ Հարցով Սխալները -
Ֆրանսա Չ`ուզեր Կրկնել Ուքրանիոյ Հարցով Սխալները
Շաբաթավերջին կարեւոր լուրեր հաղորդուեցան Ֆրանսայէն։ Այս երկրի Ծերակոյտը կոչ ուղղեց որպէսզի ամենակարճ ժամանակի մէջ ուսումնասիրուին անհրաժեշտ քայլերը՝ Հայաստանին «Սեզար» ինքնագնաց հրետանի մատակարարելու, «Ուքրանիոյ մէջ պատահած սխալները չկրկնելու եւ Հայաստանին անհրաժեշտ սպառազինութեան մատակարարումը չյետաձգելու» համար։
Այս լուրը հրապարակուեցաւ Ծերակոյտի տեղեկագրին մէջ, 2024ի ելմտական օրինագծի շրջագծով։ «Մենք պարտաւոր ենք անյապաղ արձագանգելու Հայաստանի իշխանութիւններու բոլոր խնդրանքներուն, հրետանիի կարիքները դիմագրաւելու համար», ըսուեցաւ տեղեկագրին մէջ։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com