​Արա Կիւլէր Երէկ Ոգեկոչուեցաւ Զանազան Միջոցառումներով - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

18 Ekim 2023  

​Արա Կիւլէր Երէկ Ոգեկոչուեցաւ Զանազան Միջոցառումներով -

​Արա Կիւլէր Երէկ Ոգեկոչուեցաւ Զանազան Միջոցառումներով ​Արա Կիւլէր Երէկ Ոգեկոչուեցաւ Զանազան Միջոցառումներով

17 Հոկտեմբեր թուականը համբաւաւոր լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մահուան տարելիցի օրն է եւ ինչպէս նախորդ տարիներուն, երէկ եւս, Կիւլէրի յիշատակը ոգեկոչուեցաւ զանազան ձեռնարկներով։

Նախ ժամը 16.00ին, հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կատարուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ, իր շիրմին մօտ։ Մտերիմ բարեկամներ եւ համայնքային գործիչներ հոն հաւաքուեցան եւ աղօթեցին Արա Կիւլէրի հոգւոյն ի հանգիստ։

Երեկոյեան ժամը 18.00էն սկսեալ, Միմար Սինան համալսարանի «Սէտատ Հաքքը Էլտէմ» սրահին մէջ սարքուեցաւ ոգեկոչման հանդիսութիւն մը։ Ներկաներու մեծամասնութիւնը տեղացի մշակութասէրներ էին։ Փափաքողներ իրենց սրտի խօսքը գրի կ’առնէին պատուոյ յուշամատեանին մէջ։ Ներկաներուն միջեւ կը գտնուէր նաեւ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Հիւրերն ու հրաւիրեալները նախ բոլորուեցան քոքթէյլի սեղաններուն շուրջ, այնուհետեւ անցան սրահ, ուր ցուցադրուեցաւ յայտնի հաղորդավար, լրագրող Նեպիլ Էօզկէնթիւրքի կողմէ պատրաստուած «Պատմութիւնը՝ ինձմէ» անունով վաւերագրական ժապաւէնը, ուր կը ցոլանար Արա Կիւլէրի կեանքը՝ տարբեր երեսակներով։

Հրապարակային բաց ասուլիսը կը վարէր դարձեալ՝ Նեպիլ Էօզկէնթիւրք որ իրեայաջորդ կերպով բեմ գրաւիրեց Փրօֆ. Իլպէր Օրթայլըն, Զիւլֆիւ Լիվանէլին եւ Էքրէմ Աթաէրը։

Բոլորն ալ հարցում-պատասխաններու ընդմէջէն արժեւորեցին այն բարեկամութիւնը, զոր ունեցած էին աշխարհահռչակ լուսանկարչին հետ։ Դիտել տուին որ Արա Կիւլէր ունէր պատմութիւններ, որոնք հասարակաց էին եւ կ’արտայայտէին ընդհանուր խիղճը։ Արա Կիւլէրի լուսանկարներէն իւրաքանչիւրը պատմութիւն է եւ ճիշդ է այն բնորոշումը որ «Արա Կիւլէր մը անցաւ այս աշխարհէն», արուեստագէտ, որու մասին խօսեցաւ ամբողջ աշխարհը եւ որու լուսանկարները պարբերաբար տեղ գրաւած են համաշխարհային պարբերականներու շապիկներուն վրայ։

Բոլոր բանախօսներն ալ առանձնայատուկ կերպով շեշտեցին որ Արա Կիւլէր իր լուսանկարներով աշխարհին պատմեց Թուրքիոյ մասին, յիշեցուցին որ ան այնքա՛ն արհեստավարժ էր որ նոյնիսկ կատակով կ’ըսէր «ես կրնամ կարի մեքենայով ալ լուսանկարել»։

Հրապարակային ասուլիսի հեղինակաւոր դէմքերը յիշեցուցին որ Կիւլէր իր լուսանկարներով կրցած է լուսաբանել եւ հասարակութեան ուշադրութիւնը սեւեռել այնպիսի նիւթերու վրայ, որոնք լուծումներու կը կարօտէին։ Անուրանալի է այն փաստը, որ միջազգային լրատուական գործակալութիւններ Թուրքիոյ մասին ամէն հարցով կը խորհրդակցէին Արա Կիւլէրի հետ, որովհետեւ ան թէ՛ լաւ հայրենակից էր, թէ բարձրամակարդակ լուսանկարիչ ու մասնագէտ։

Ներկաներ գոհունակ տրամադրութեամբ բաժնուեցան սրահէն, յիշատակներ տանելով բովանդակալից գիշերուայ մասին։

Խմբանկարի լուսանկարը՝ Սոնա Մէնթէշէ





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+