Գիրքի Շնորհանդէս Ֆէրիգիւղի Մէջ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

19 Ekim 2023  

Գիրքի Շնորհանդէս Ֆէրիգիւղի Մէջ -

Գիրքի Շնորհանդէս Ֆէրիգիւղի Մէջ Գիրքի Շնորհանդէս Ֆէրիգիւղի Մէջ

Հայ Մշակոյթի Շաբթուան առթիւ 18 Հոկտեմբեր 2023, Չորեքշաբթի, ժամը 21.00-ին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Շիրինօղլու Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պոլսահայ գրականութիւնը 20րդ դարի կէսից մինչեւ մեր օրերը» գիրքի շնորհանդէսը, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ էին Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններ եւ քահանայ հայրեր։

Հանդիսութեան ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Մխիթարեան Միաբանութենէն՝ Գերպ. Տ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։

Ծանօթ է, թէ սոյն գիրքը ծանօթացուած էր Հայաստանի մէջ, որուն պարունակութիւնն է Համահայկական Գիտաժողովին ներկայացուած զեկուցումները։ Նկատելով, որ գիտաժողովը առընչուած էր Պոլսահայ գրականութեան հետ, Նորին Ամենապատուութիւնը ընդառաջելով եղած հրաւէրին իր օրհնութեան գիրը ուղարկած էր։ Փափաք յայտնուած էր, որ սոյն գիրքը ծանօթացուի նաեւ Պոլսոյ մէջ։ Մեր Հոգեւոր Պետը, սոյն փափաքը տեղին գտնելով առաջարկած էր, որ հանդիսութիւնը տեղի ունենայ Հայ Մշակոյթի Շաբթուան ընթացքին։ Այս առումով Պատրիարք Հօր հրաւէրով Հայաստանէ ժամանած էին գիտնականներ՝ Փրօֆ. Սուրէն Դանիէլեան, Տոց. Վալերի Փիլոյեանի եւ Տոց. Քնարիկ Աբրահամեան։ Հանդիսավարն էր Սեւան Տէղիրմէնճեան, որուն բացման եւ ողջոյնի խօսքէն յետոյ հիւր գիտնականներ մի առ մի արտայայտուելով ծանօթացուցին գիրքը եւ ընդհանրապէս անդրադարձան Պոլսահայ գրականութեան կարեւոր ներդրումին Հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։

Կիրարկուեցաւ երաժշտական կոկիկ յայտագիր մը Գրիգոր Թէրզեանի, Լիւսի Քահվէճիօղլուի մեներգներով, որոնց երգեհոնով ընկերացաւ Սիրուն Սիրունեան:

Յաջորդաբար բեմ բարձրացաւ Սիլվա Կոմիկեան եւ ասմունքեց Պոլսահայ գրողներու գործերէն օրինակներ:

Հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը եւ ընդգծեց, թէ կարեւոր է մեր արժէքներուն սերունդէ սերունդ փոխանցուիլը, որուն համար համայնքի իւրաքանչիւր անդամ պէտք է համոզում գոյացնէ, թէ հայերէնը կարեւոր է իր կեանքին մէջ, որքան կարեւոր են հացն ու ջուրը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց հիւր գիտնականներուն անգամ մը եւս գնահատելով իրենց աշխատանքները։

Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ միասնաբար երգուած «Ով Մեծասքանչ» երգով, որմէ յետոյ Ուսուցչաց Հիմնարկի կողմէ պատրաստուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթաքցին միասնաբար հատանուեցաւ կարկանդակ մը, ի յիշատակ այս հանդիսութեան:






Bu haber agos kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (agos) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(agos). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+