Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Պատրիարք Հայրը Ս. Պատարագ Մատոյց - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

15 Ekim 2023  

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Պատրիարք Հայրը Ս. Պատարագ Մատոյց -

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Պատրիարք Հայրը Ս. Պատարագ Մատոյց Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Պատրիարք Հայրը Ս. Պատարագ Մատոյց

«Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետացն մերոց՝ Մեսրոպայ, Եղիշէի, Մովսէսի Քերթողին, Դաւթի Անյաղթ Փիլիսոփային, Գրիգորի Նարեկացւոյն, Ներսիսի Կլայեցւոյն, Ներսիսի Լամբրոնացւոյն եւ այլոց վարդապետացն սրբոց»։ Այսպէս է 14 Հոկտեմբեր 2023, Շաբաթի եկեղեցական օրացոյցի էջի անունը։
Գուզկունճուքի նորօծ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ առաւօտուն կատարուեցան ժամերգութիւններ։

Տօնական Ս. Պատարագը մատոյց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, առընթերակայութեամբ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի եւ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեանի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին քահանաներ, սարկաւագներ ու դպիրները։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ համանուն Դպրաց Դաս-Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Սեւան Շէնճանի։

Արարողութեան մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռոյ միաբան հայրերն ու քահանայից դասու անդամները։ Արարողութեան մասնակցելու համար փութացած էին նաեւ Պոլսոյ զանազան թաղերէ ուխտաւորներ։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ քարոզեց Պատրիարք Հայրը «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռեցէք եւ պիտի գտնէք, բաղխեցէք եւ պիտի բացուի ձեզի» Աւետարանական բնաբանով եւ ըսաւ թէ խնդիրներ կան եւ միշտ կ’ըլլան։ Անոնք պէտք է լուծուին։ Նորեր կու գան, սակայն այս մէկը բնական է։ Նման էր պարագան նաեւ Ե. դարուն, երբ լեզուի խնդիր կար։ Գիրի չգոյութեան պատճառաւ կը տուժէր նաեւ եկեղեցին։ Քրիստոնէութեան ուսուցումը դժուար էր, քանի տառեր չկային եւ ժամանակ կը վատնուէր թարգմանութեամբ։ Ասոր համար անհրաժեշտ էր հայերէն այբուբենի մը գոյութիւնը եւ անոր միջոցաւ մշակոյթ ունենալ։ Հայոց Սահակ Կաթողիկոսն ու Վռամշապուհ Թագաւորը այս կենսական գործին ձեռնարկեցին Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի միջոցաւ։

Անոր տքնաջան աշխատանքով ունեցանք մեր Ոսկեդարը եւ մեր մշակոյթը։
«Մշակոյթ» բառը կու գայ մշակելէ եւ մենք միշտ՝ օրօրոցէն մինչեւ գերեզման մշակուելու պէտք ունինք։ Ընտանիքէն պէտք է սկսի մշակուելու այս աշխատանքը։ Առողջ եւ կարգին մշակութիւնով է, որ առողջ նոր սերունդներ կ’ունենանք։ Ասիկա կ’ըլլայ միայն մեր ընտանիքներու եւ վարժարաններու միջոցաւ։

Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզի աւարտին յարգանքով խոնարհեցաւ Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներու եւ իրենց յաջորդներու՝ ուսուցիչներու եւ Հայ գիրի նուիրուելներու բարոյական ներկայութեան առջեւ։

Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան հանգուցեալ վարդապետներ, ուսուցիչներ եւ ուսուցչուհիներ, հայ գիրի ու գրականութեան մշակներ, որոնք մեզի աւանդեցին Մեսրոպեան գիրերը, Գուզկունճուքի Եկեղեւոյ հանգուցեալ հովիւները, սատարողները, թաղային խորհուրդի անդամները, ինչպէս նաեւ հնգամեայ հանգուցեալ Արա Կիւլէր։

Հոգեհանգիստէ յետոյ, Պատրիարք Հայրը թափորով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ խորհրդրանը, ուր արարողութիւնը աւարտին հասաւ վերջին օրհնութեամբ։
Եկեղեցական արարողութենէ յետոյ եկեղեցւոյ պարտէզը տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։





Bu haber trhaybad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (trhaybad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(trhaybad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+