Հայ Մշակոյթի Շաբթուան Առթիւ Գիրքի Շնորհանդէս - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Աղջամուղջ

Հայերէն :

15 Ekim 2023  

Հայ Մշակոյթի Շաբթուան Առթիւ Գիրքի Շնորհանդէս -

Հայ Մշակոյթի Շաբթուան Առթիւ Գիրքի Շնորհանդէս Հայ Մշակոյթի Շաբթուան Առթիւ Գիրքի Շնորհանդէս

Հրամանաւ ու օրհնութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, Պատրիարքական Աթոռը կը պատրաստուի Հայ Մշակոյթի Շաբթուան առթիւ գիրքի շնորհանդէսի մը։

Պատրիարք Սրբազան Հօր հրաւէրով 15 Հոկտեմբեր 2023, Կիրակի, քաղաքս կը ժամանեն Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կեդրոնի տնօրէն, հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ու դասաւանդութեան ամպիոնի վարիչ Փրօֆ. Սուրէն Դանիէլեան, նոյն կեդրոնի գիտաշխատող ու նոյն ամպիոնէն բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, տոչենթ Քնարիկ Աբրահամեան, նաեւ Վանաձորի պետական համալսարանի դասախօս, բանասիրական գիտութիւներու թեկնածու, տոչենթ Վալերի Փիլոյեան։
Հիւր գիտնականներու մասնակցութեամբ, 18 Հոկտեմբեր 2023, Չորեքշաբթի, ժամը 21.00-ին, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ Հայ Մշակոյթի շաբթուան առթիւ տեղի կ'ունենայ «Պոլսահայ նորագոյն գրականութիւնը 20րդ դարի կէսից մինչեւ մեր օրերը» գիրքին շնորհանդէսը։

Մուտքը ազատ շնորհանդէսին կը նախատեսուի Պոլսահայ մշակութային, կրթական հաստատութիւններէ եւ գրասէր հասարակութենէ մասնակցութիւն։ Սեպտեմբեր 2022ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովի մը ընթացքին Փրօֆ. Սուրէն Դանիէլեան ներկայացուցած էր Պոլսոյ գրական շարժումը, յատկապէս ծանրանալով 20րդ դարու երկրորդ կէսէն մինչեւ մեր օրերը։ Գիտաժողովին իր օրհնութեան խօսքը ուղարկած էր նաեւ Ամեն. Պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Յաջորդաբար գիտաժողովն նիւթերու հաւաքածոն լոյս տեսած էր։ Յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած գիրքի շնորհանդէսը, լաւ առիթ պիտի ստեղծէ, որպէսզի գիրքի բովանդակութիւնը Պոլսոյ մէջ ծանօթացուի Պոլսահայ հասարակութեան։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+