Հայ Մշակոյթին Սրբութիւնը․ Գեղամ Արք․ Խաչերեան - Gündem
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Արփող

Gündem :

15 Ekim 2023  

Հայ Մշակոյթին Սրբութիւնը․ Գեղամ Արք․ Խաչերեան -

Հայ Մշակոյթին Սրբութիւնը․ Գեղամ Արք․ Խաչերեան Հայ Մշակոյթին Սրբութիւնը․ Գեղամ Արք․ Խաչերեան

«Որք զօ­րու­թեամբ ­Հօր ի­մաս­տու­թեան էին ա­նե­ղի հաս­տա­տե­ցին զԱ­թոռ Սր­բոյն Գ­րի­գո­րի թարգ­մա­նու­թեամբ նշա­նագ­րու­թեան¸ եր­գով քաղց­րու­թեան հնչմամբ զԱս­տո­ւած օրհ­նես­ցուք» Սր­բոց թարգ­ման­չաց շա­րա­կան­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նա­ցոյ­ցին մէջ իւ­րա­յա­տուկ շեշտ եւ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի ­Հոկ­տեմ­բեր ամ­սո­ւան մէջ յի­շա­տա­կո­ւող ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑՆ ՄԵՐՈՑ՝ ՄԵՍՐՈՊԱՅ¸ ԵՂԻՇԷԻ¸ ՄՈՎՍԷՍԻ ՔԵՐԹՈՂԱՀՕՐՆ¸ ԴԱՒԹԻ ԱՆՅԱՂԹ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԻ¸ ԳՐԻԳՈՐԻ ՆԱՐԵԿԱՑՈՒՈՅՆ ԵՒ ՆԵՐՍԷՍԻ ԿԼԱՅԵՑՈՒՈՅՆ տօ­նը։ Այս տօ­նը կը վե­րա­բե­րի Ս. ­Սա­հա­կի եւ Ս. ­Մես­րո­պի ա­շա­կերտ­նե­րուն¸ ո­րոնք ե­ղան ա­ռա­ջին­նե­րը¸ որ սկիզբ դրին հա­յե­րէն գրա­ւոր գրա­կա­նու­թեան ժա­ռան­գու­թեան։ Ա­նոնց­մէ վեր­ջին եր­կու­քը՝ Ս. Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցին եւ Ս. ­Ներ­սէս Շ­նոր­հա­լին կը պատ­կա­նին ա­ւե­լի ուշ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի։ Ինչ որ կ’են­թադ­րէ¸ թէ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րը յե­տա­գա­յին այդ ա­նուն­նե­րը նե­րա­ռե­ցին տօ­նե­լի­նե­րու ցան­կին վրայ¸ տօ­նին ամ­բող­ջու­թեամբ մշա­կու­թա­յին նկա­րա­գիր մը տա­լու¸ հայ գրա­կու­թեան ոս­կե­դա­րու եւ ար­ծա­թէ դա­րու տի­տան­նե­րը ի մի խմբե­լով։

Սր­բոց ­Թարգ­ման­չաց տօ­նը գե­րար­զան­ցա­պէս ազ­գա­յին տօն է։ Ան էա­պէս առն­չո­ւած է հայ ժո­ղո­վուր­դի լի­նե­լու­թեան հետ¸ իր մէջ խտաց­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի միտքն ու հո­գին¸ հայ մշա­կոյ­թին եւ ա­նոր վաս­տա­կա­ւոր­նե­րուն տա­լով սրբու­թեան հան­գա­մանք։

Այս տօ­նին մէջ կայ ազ­գա­յին լի­նե­լու­թեան եւ ինք­նու­թեան ան­ժա­ման­ցե­լի պատ­գամ եւ խոր­հուրդ։ Ո­րով­հե­տեւ¸ Սր­բոց ­Թարգ­ման­չաց տօ­նը կը պատ­կա­նի հա­յոց պատ­մու­թեան ար­ձա­նագրած այն դէպ­քե­րուն¸ ո­րոնք պատ­մա­կան դէպք մը ըլ­լա­լէ ա­ւե­լի՝ շար­ժում են։ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ Ս. ­Թա­դէոս եւ ­Բար­թու­ղի­մէոս Ա­ռա­քեալ­նե­րու քա­րո­զու­թեամբ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գի­նե­րուն մէջ սեր­մա­նո­ւած Ք­րիս­տո­սի լոյս հա­ւատ­քը¸ Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րի­չի եւ Տր­դատ թա­գա­ւո­րի ճգնու­թեամբ եւ ա­ջակ­ցու­թեամբ պե­տա­կա­նա­ցաւ¸ եւ Ս. ­Սա­հա­կի եւ Ս. ­Մես­րո­պի ճգնո­ղա­կան ջան­քե­րով ամ­բող­ջու­թեամբ հա­յա­ցաւ։ Ք­րիս­տո­նու­թեան պե­տա­կա­նա­ցու­մով սկսած հա­յոց պատ­մու­թեան ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ըն­թաց­քը¸ հայ գի­րե­րու գիւ­տով իր հաս­տատ ուղ­ղու­թեան մէջ մտաւ։­

Թարգ­ման­չաց շար­ժու­մը պա­հու մը ծնուն­դը չէր։ Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով Ս. ­Սա­հա­կի եւ Ս. ­Մես­րո­պի կեան­քի եւ ու­սում­նա­ռու­թեան հանգ­րո­ւան­նե­րը¸ ի յայտ կու գայ¸ թէ հայ մտքի ա­պա­գա­յա­տե­սիլ եր­կու լու­սա­ւո­րիչ­նե­րը ար­դէն 4-րդ ­դա­րէն սկսեալ¸ ի­րենց մտա­սե­ւե­ռու­մը կեդ­րո­նա­ցու­ցած էին հայ ժո­ղո­վուր­դի գո­յու­թեան եւ ինք­նու­թեան պահ­պան­ման հա­մար հաս­տատ եւ ան­խոր­տա­կե­լի կռո­ւան­ներ ա­պա­հո­վե­լու վրայ։ Այս մտա­սե­ւեռ­ման եւ հայ ազ­գի ա­պա­գա­յի հո­գը բառ­նա­լուն գլխա­ւոր դրդա­պատ­ճառ­ներն կա­րե­լի է նկա­տել հե­տե­ւեալ պա­րա­գա­նե­րը։

Ս. ­Սա­հակ ­Պար­թեւ¸ ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ մեծ բա­րե­կար­գիչ՝ ­Մեծն ­Ներ­սէս կա­թո­ղի­կո­սի որ­դին էր։ Ա­նոր շուն­չին եւ հսկո­ղու­թեան տակ դաս­տիա­րա­կո­ւե­ցաւ¸ քա­ջահ­մուտ դառ­նա­լով յու­նա­րէն¸ ա­սո­րե­րէն եւ պարս­կե­րէն լե­զու­նե­րու։ ­Հո­գե­ւո­րա­կան իր կեան­քի կո­չու­մին մէջ¸ նախ քան կա­թո­ղի­կո­սա­կան գահ բարձ­րա­նա­լը¸ իր ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ միա­սին գլխա­ւո­րա­բար զբա­ղե­ցաւ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով¸ եւ ժո­ղո­վուր­դին քա­րոզ­չա­կան ա­ռա­քե­լու­թեամբ։ Ս. ­Սա­հա­կի հա­մար¸ հայ­կա­կան գի­րե­րու պա­կա­սի պատ­ճա­ռով¸ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի աղ­բիւր­նե­րու՝ ի­մա օ­տա­րա­լե­զու Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը¸ եւ հե­տե­ւա­բար ոչ հա­յազ­գի հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ ազ­դե­ցու­թիւ­նը հայ հա­ւա­տա­ցեա­լին վրայ խորթ կը թո­ւէր։

Իսկ Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց¸ ար­քու­նի պա­լա­տին մէջ զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն կը վա­րէր¸ ար­քու­նի քար­տու­ղա­րի հան­գա­ման­քով։ ­Հայ ար­քու­նի­քէն ներս ու­նե­ցած իր պաշ­տօ­նին բե­րու­մով¸ քա­ջա­ծա­նօթ էր երկ­րին ներ­քին թէ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան ան­ցու­դար­ձե­րուն՝ պարս­կա­կան եւ բիւ­զան­դա­կան կայս­րու­թեանց հա­կա­մարտ տի­րա­պե­տու­թեանց տակ¸ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­քին երկ­պա­ռա­կու­թիւն­նե­րուն¸ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ինք­նիշ­խա­նու­թեան ե­ռե­րուն վի­ճա­կին¸ նոյ­նիսկ ա­նոր գո­յու­թեան սաառ­նա­ցող վտան­գին։

Այս բո­լո­րը խոր մտա­հո­գու­թեան կը մատ­նէին զինք¸ ո­րով յստա­կօ­րէն կը նա­խա­տե­սէր այդ տխուր ե­րե­ւոյթ­նե­րուն վատ հե­տե­ւանք­նե­րը։ Ան ըմբռնած էր¸ թէ այս կա­ցու­թեան դար­մա­նը ոչ զի­նո­ւո­րա­կան¸ ոչ ալ քա­ղա­քա­կան ոյ­ժը կրնար ըլ­լալ։ Անհրա­ժեշտ էր այ­լա­պէս զրա­հա­ւո­րել հա­յու­թեան հո­գին¸ ստեղ­ծել տար­բեր կեր­պով ապ­րեց­նող ու ապ­րող ար­ժէք­ներ։ ԻՆՔՈՐՈՅՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄն էր այդ մէ­կը։ Ա­հա այս էր զինք ո­գե­ւո­րող մեծ ե­րա­զը։ Ս. ­Մես­րոպ զի­նո­ւո­րա­կան աս­պա­րէ­զէն հրա­ժե­րով հո­գե­ւո­րա­կան կը դառ­նայ¸ ամ­բող­ջու­թեամբ նո­ւի­րո­ւե­լով իր մեծ ե­րա­զին ի­րա­կա­նաց­ման։­

Հո­գե­ւոր կեան­քը¸ հայ ազ­գի հո­գեմ­տա­ւոր ան­կա­խու­թեան եւ գո­յու­թեան մտա­տան­չող վտանգ­նե­րը¸ ճա­կա­տագ­րո­րոշ մտեր­մու­թեան մէջ կը բե­րեն Ս. ­Սա­հակն ու Ս. ­Մես­րո­պը։ ­Հա­յե­րէն այ­բու­բէ­նի գիւ­տի ի­րա­կա­նաց­ման մեծ ե­րա­զին կը միա­նայ օ­րո­ւան Վ­ռամ­շա­պուհ թա­գա­ւո­րը¸ որ ար­քու­նի գան­ձի բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը տրա­մադ­րէ ­Մես­րո­պին¸ եւ ­Սա­հակ ­Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ կ’ի­րա­կա­նա­նայ այդ մեծ ե­րա­զը­ Հայ ազ­գի այս եր­կու սուրբ հան­ճար­նե­րը՝ Ս. ­Սա­հակ եւ Ս.­Մես­րոպ¸ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը հա­յաց­նե­լու հա­մար¸ հայ­կա­կան գրա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան հիմ­նա­քա­րը դրին Աս­տո­ւա­ծա­շուն­դի հայ­րե­րէ­նի թարգ­մա­նու­թիւ­նը։ Այ­նու­հե­տեւ Աս­տո­ւած սկսաւ հա­յե­րէն խօ­սիլ հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ։ ­Հա­յաս­տա­նի բո­լոր տա­րած­քին բա­ցո­ւե­ցան դպրոց­ներ¸ զարկ տրո­ւե­ցաւ ժա­մա­նա­կի օ­տար գրա­կա­նու­թեանց ե­կե­ղե­ցա­կան թէ փի­լի­սո­փա­յա­կան կա­րե­ւոր եր­կե­րու թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Ս­կիզբ ա­ռաւ հա­յե­րէն սե­փա­կան լե­զո­ւով գիր գրա­կա­նու­թիւ­նը¸ պատ­մագ­րու­թիւ­նը­Հայ ժո­ղո­վուր­դի լու­սա­վառ հո­գիին իբ­րեւ ար­տա­յա­տու­թիւն¸ ­Հայ Ե­կե­ղե­ցին սրբա­ցու­ցած է Ս. ­Սա­հա­կի Եւ Ս. ­Մես­րո­պի ա­շա­կերտ­նե­րը¸ ոչ միայն ի­րենց հո­գե­կիրթ եւ ա­ռա­քի­նի վար­քով շա­հած բա­րի յի­շա­տա­կին¸ այ­լեւ՝ հայ ինք­նո­րոյն մշա­կոյ­թի ա­խո­յեան­ներն ըլ­լա­լուն հա­մար։Սր­բոց թարգ­ման­չաց վար­դա­պե­տաց մե­րոց բա­ցած ու­ղին¸ հա­յու­թեան ինք­նու­թիւ­նը զրա­հա­ւո­րե­լու¸ ապ­րեց­նող ու ապ­րող ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը պահ­պա­նե­լու մշա­կու­թա­յին յա­րա­տեւ շար­ժու­մը ե­ղաւ։­

Թարգ­ման­չաց վար­դա­պետ­նե­րու սրբաց­ման ե­րե­ւոյ­թը¸ հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն մին կը հան­դի­սա­նայ։ ­Հայ մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման պատ­մու­թիւ­նը ինք­նին կը բա­ցա­յայ­տէ¸ թէ ին­չու հա­մար հայ ազ­գը իր մշա­կոյ­թը սրբու­թեան աս­տի­ճա­նի հաս­ցու­ցած է։­

Հե­տաքրք­րա­կան է ի­մա­նալ¸ թէ ար­դեօք կա՞ն ազ­գեր¸ ո­րոնք ի­րենց սե­փա­կան այ­բու­բէ­նը պաշ­տա­մուն­քի ա­ռար­կայ դար­ձու­ցած են¸ այ­բու­բէ­նը իր տա­ռե­րով ա­րո­ւես­տի գոր­ծի վե­րա­ծած են¸ ու ա­նով ոչ միայն կրթա­կան յար­կե­րը¸ այ­լեւ՝ ի­րենց տու­ներն ու սրահ­նե­րը զար­դա­րած։ Ո՞ր ազ­գի գրա­կա­նու­թեան մէջ¸ այդ­քան գո­վեր­գանք¸ ձօն¸ ներ­բող­ներ կան հիւ­սո­ւած մայ­րե­նի լե­զո­ւին նուի­րո­ւած։ հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ գլուխ գոր­ծոց բազ­մա­թիւ գրու­թիւն­նե­րը եւ քեր­թո­ւած­նե­րը Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցին ձօ­նո­ւած¸ բա­ւա­րար են ցոյց տա­լու¸ թէ հա­յու ազ­գա­յին խոր գի­տակ­ցու­թեան մէջ¸ ինչ հիաս­քանչ յար­գանք եւ ար­ժե­ւո­րում կայ։

Սր­բոց թարգ­ման­չաց տօ­նը կը տա­րե­բե­րի այլ տօ­նե­րու յի­շա­տա­կու­թե­նէն։ Այս տօ­նը ան­ձի մը¸ դէպ­քի մը անդ­րա­դառ­նա­լէ ա­ւե­լի¸ ամ­բողջ հա­յու­թեան ազ­գա­յին լի­նե­լու­թեան¸ պատ­կա­նե­լիու­թեան ինք­նա­հաս­տատ­ման եւ ազ­գա­յին բազ­մա­դա­րեան մշա­կոյ­թի հարս­տու­թեան տէր ըլ­լա­լու անդ­րա­դարձ է։

Այ­սօր¸ հա­յե­րէն գի­րե­րու գիւ­տէն 16 դա­րեր ետք¸ որ­քան ժա­մա­նա­կա­կից¸ այժ­մէա­կան եւ ան­ժա­ման­ցե­լի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն կը մնայ Ս. ­Մես­րո­պի ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ա­պա­գա­յա­տե­սիլ ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը։

Այ­սօր¸ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն սփռո­ւած հա­յու­թեան հա­մար¸ որ­քան կեն­սա­կան է Ս. ­Մես­րո­պի մե­ծաս­քանչ լե­զուն։Ե­րա­նե­լի է այն մար­դը¸ որ իր գլխուն վե­րեւ սե­փա­կան եր­դիք մը ու­նի։­Թար­ման­չաց սուր­բե­րը բար­բա­ռե­ցան բա­նաստեղծ ­Մու­շեղ Իշ­խա­նի լե­զո­ւով¸ որ յի­րա­ւի ար­ձա­նագ­րեց՝­Հայ լե­զուն տունն է հա­յուն¸ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն։Ուր կը մտնէ ա­մէն հայ¸ իբ­րեւ տան­տէր հա­րա­զատ։

Սր­բոց ­Թագր­ման­չաց վար­դա­պետ­ներ¸ ձեր փառ­քը¸ մեր ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան պարտքն է։

ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մին





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+