Պաքուի Մէջ Սկսաւ Վագիֆ Խաչատրեանի Դատավարութիւնը - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

15 Ekim 2023  

Պաքուի Մէջ Սկսաւ Վագիֆ Խաչատրեանի Դատավարութիւնը -

Պաքուի Մէջ Սկսաւ Վագիֆ Խաչատրեանի Դատավարութիւնը Պաքուի Մէջ Սկսաւ Վագիֆ Խաչատրեանի Դատավարութիւնը

22 Օգոստոսին, Լաչինի միջանցքին մէջ Կարմիր Խաչի ինքնաշարժէն առեւանգուած էր 68ամեայ պապիկ մը՝ Վագիֆ Խաչատրեան։ Ան Լեռնային Ղարապաղէն Հայաստան կը տեղափոխուէր սրտի վիրահատութեան ենթարկուելու համար։ Ան ու դուստրը՝ որ հօրը կ'ուղեկցէր, չհասկցան թէ ի՞նչ անցաւ-դարձաւ անցակէտին մէջ։ Ատրպէյճանցի սահմանապահներ զայն ձերբակալեցին ու տարին անյայտ ուղղութեամբ։ Այնուհետեւ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը այն մասին որ Վագիֆ Խաչատրեան Արցախեան առաջին պատերազմին ռազմական յանցագործութիւններ ըրած է եւ հիմա ահաւասիկ պէտք է պատասխան տար ըրածներուն համար։

Երէկ, դատավարութեան առաջին նիստն էր։ Ատրպէյճանական լրատու աղբիւրներ թէ՛ լուսանկարներ, թէ տեսանիւթեր կը հրապարակէին դատական նիստէն։

Ըստ մեղադրական թղթածրարի, Վագիֆ Խաչատրեան 1992ին, Խոճալուի շրջանի Մեշալի գիւղին մէջ «ցեղասպանութիւն իրականացուցած է»։ Տառապանք կար 68ամեայ պապիկի դէմքին վրայ։ Հաւանաբար չէր ալ հասկնար թէ ի՞նչ էր մեղադրանքը, ինչո՞ւ կը դատուէր, ի՞նչ գործ ունէր հոն։ Չէր կրնար զսպել արցունքները, կը հեկեկար...։ Մինչ այդ, դատախազի միջնորդութեամբ, կալանքը չէր փոխուեր։ Դատական յաջորդ նիստը 17 Հոկտեմբերին է։
Միւս կողմէ, Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեան անդրադառնալով Խաչատրեանի դատավարութեան, քննադատեց Ատրպէյճանի իշխանութիւնները։ Ան ընկերային ցանցի «Իքս» էջին վրայ գրառում մը կատարեց, նշելով որ Վագիֆ Խաչատրեան որեւէ առնչութիւն չունի առաջադրուած մեղադրանքին հետ, պարզապէս պատժուած է անոր համար, որ ծնած է Արցախի մէջ եւ ապրած՝ իր նախնիներու հողին վրայ։
«Երկրի մը մէջ, ուր դատական եւ իրաւական համակարգը ազատ չէ եւ այդ մասին կը վկայեն միջազգային տեղեկագրերը, չի կրնար արդար դատավարութիւն տեղի ունենալ։ Առկայ դատավարութիւնները խեղկատակութիւն են, եւրոպական ուխտի ծաղր եւ միջազգային բոլոր համընդհանուր ճանաչուած կանոններու խախտում։ Ատրպէյճան վերջ պէտք է տայ մարդոց հիմնարար ազատութիւններն ու մարդկային արժանապատուութիւնը նուաստացնող քայլերուն, անյապաղ ազատ պէտք է արձակէ բոլոր բանտարկեալները», գրեց Մարուքեան։





Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+