Շնորհալիի Վախճանման 850 Րդ Տարելիցի Առթիւ Ձեռնարկները Կը Յետաձգուի -
Շնորհալիի Վախճանման 850 Րդ Տարելիցի Առթիւ Ձեռնարկները Կը Յետաձգուի
Շնորհալիի վախճանման 850րդ տարելիցին Հռոմի ձեռնարկները կը յետաձգուինԿ՛աղօթենք, որ Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետի բարեխօսութեամբ Աստուած զօրացնէ մեր ազգի բոլոր զաւակները յաղթահարելու մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ որպէսզի Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ Հայաստան ապաստանած մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելը վերածենք համահայկական զօրաշարժի եւ Արցախի վերատիրացման հրամայականով թիկունք կանգնինք մեր հայրենիքին։
Ունկնդրէ լուրըՆկատի ունենալով 19 Սեպտեմբեր 2023-էն սկսեալ Ազրպէյճանի ռազմական արարքներն ու Արցախի հայաթափումը, «Աստուածային Շնորհաց Հայոց Առաքեալ» Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-րդ տարելիցին նուիրուած համատեղ ձեռնարկները, որոնք հռոմէական կաթողիկէ եւ հայ եկեղեցիներու կազմակերպութեամբ եւ Ն.Ս. Ֆրանչիսկոս Պապի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեան ԻԱ. Պատրիարքի օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ 30 Նոյեմբերէն 2 Դեկտեմբեր 2023-ին Հռոմի մէջ տեղի պիտի ունենային, անորոշ ժամանակով յետաձգուած են:
Կ՚աղօթենք, որ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին բարեխօսութեամբ Աստուած զօրացնէ մեր ազգի բոլոր զաւակները՝ յաղթահարելու մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրները, որպէսզի Արցախէն բռնի տեղահանուած ու Հայաստան ապաստանած մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելը վերածենք համահայկական զօրաշարժի եւ Արցախի վերատիրացման հրամայականով թիկունք կանգնինք մեր հայրենիքին։
Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com