Նաւասարդեան Խաղերը Մեծ Շուքով Սկսաւ Գնալը Կղզիի Մէջ - Gündem
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Շանթակող

Gündem :

26 Ağustos 2023  

Նաւասարդեան Խաղերը Մեծ Շուքով Սկսաւ Գնալը Կղզիի Մէջ -

Նաւասարդեան Խաղերը Մեծ Շուքով Սկսաւ Գնալը Կղզիի Մէջ Նաւասարդեան Խաղերը Մեծ Շուքով Սկսաւ Գնալը Կղզիի Մէջ

Գնալը Կղզիի մէջ, 25 Օգոստոս 2023, Ուրբաթ, փառաշուք հանդիսութեամբ սկիզբ առաւ Նաւասարդեան Խաղերը, որ անցեալ տարուան նման Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ ու օրհնութեամբ, ինչպէս նաեւ գլխաւոր օժանդակութեամբ Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան կազմակերպուած են։

Առաւօտեան ժամերէն սկսեալ խաղերը արդէն իսկ սկսած էին եւ արժանացած՝ժողովուրդի հետաքրքրութեան։ Իսկ, խաղերու բացման արարողութիւնը իր բարձր ներկայութեամբ պատուեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը եւ ժամը 21.00-ին մուտք գործեց Հրանդ Պարսամեան Մարզադաշտէն ներս։ Մեր Հոգեւոր Պետին կողքին էին Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Իշխանաց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Բաց աստի, ներկայ էին նաեւ Ստանպուլի Երեսփոխան Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուն, Կղզեաց Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Լեւոն Շատեան, Գնալը Կղզիի Լողաւազանի Վարչութեան Նախագահ Փրօֆ. Տթք. Էմրէ Պուչքին եւ Լոյս Մէտիայէն Արամ Քուրան։

Դաշտի մէջ կը տիրապետէր մեծ ոգեւորութիւն մը։ Տեղադրուած էր մեծ բեմ մը եւ դաշտը պատրաստուած՝ թէ՛ հանդիսութեան եւ թէ՛ խաղերու համար։ Հանդսավարներն էին Քարօլին Մամիկոնեան եւ Սարօ Պէնկլեան, որոնք նախ բարի գալուստ մաղթեցին բոլոր ներկաներուն եւ յայտնեցին, թէ՝ երկրորդ անգամ Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան եւ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ բարձր մակարդակով կը կազմակերպուէին Նաւասարդեան Խաղերը։

Ապա, Պատրիարք Հայրը բեմ բարձրացաւ եւ իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն, գնահատելով կատարուած կազմակերպչական աշխատութիւնները։ Այս առթիւ յայտնեց, որ ուրախութիւն էր տարբեր տարիքներէ բազմահարիւր անձանց համախմբումը Գնալը Կղզիի մարզադաշտին մէջ։ Պատրիարք Հայրը հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Նաւասարդեան տօնակատարութեանց մասին եւ այս առթիւ շեշտեց բնութեան առաւել եւս կարեւորութիւն ընծայելու անհրաժեշտութիւնը։ Հայոց մօտ տարեմուտ ընդունուած Նաւասարդը, նաեւ կը յիշեցնէր բնութեան գեղեցկութիւնները եւ այս առումով յայտնեց, որ մենք ալ ըլլալով այս բնութեան ամենէն կարեւոր տարրերը պէտք է հաշտուինք բնութեան իրականութեանց հետ ու փորձենք մենք զմեզ նորոգել ապաւինելով բնութեան իսկ տուիչը Աստուծոյ։

Մեր Հոգեւոր Պետը իր խօսքերու մէջ անդրադարձաւ նաեւ Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան ներդրումին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պատասխանատուներուն։ Կազմակերպչական հանգրուաններուն յատուկ գնահատանքի արժանի էր նաեւ համայնքիս երիտասարդ ուժերէն Յարութիւն Քուրանի եւ Ռաֆֆի Քալքի այս ուղղութեամբ ունեցած տեսլականը եւ գործակցութիւնը։ Պատրիարք Հայրը նաեւ գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց ներդրումը բերած էին այս տեսլականի իրականացման։

Պատրիարք Հօր պատգամէն յետոյ բեմ բարձրացաւ Արի Պարութօղլու եւ աւելի քան ժամ մը Հայերէն ու Թրքերէն երգերով խլեց ներկաներու ծափահարութիւնները։ Ապա, Կարպիս Չափքանի առաջնորդութեամբ բեմ բարձրացաւ Մարալ Պարախումբը եւ պարի յայտագրով ներկայացաւ ու հրահրեց ներկայ ակնդիրներու տրամադրութիւնները։

Հարկ է նշել , թէ՝ խաղերը կը շարունակեն մինչեւ Կիրակի օր եւ բացի խաղերէ մանկանց համար պատրաստուած են խաղավայրեր։ Իսկ փակման արարաղութիւնը Կիրակի օր կը կատարուի Պետական աւագանիի եւս մասնակցութեամբ եւ հանրածանօթ երգիչ Հանտէ Եէնէրի համերգով։





Bu haber trhaybad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (trhaybad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(trhaybad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+