Պատրիարք Հայրը Գլխաւորեց «patri̇k Avedi̇k’i̇n Gi̇zemli̇ Yaşami» Գիրքի Շնորհանդէսին -
Պատրիարք Հայրը Գլխաւորեց «patri̇k Avedi̇k’i̇n Gi̇zemli̇ Yaşami» Գիրքի Շնորհանդէսին
Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 18 Օգոստոս 2023, Ուրբաթ, ժամը 21.00-ին, տեղի ունեցաւ «Patrik Avedik’in Gizemli Yaşamı» գիրքի շնորհանդէսը։
Հանդիսութեան գլխաւորեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր կողքին ունենալով Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանը, Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, ինչպէս նաեւ Արաս Հրատարակչատունէն Եդուարդ Թովմասեանն ու մշակութասէր հասարակութիւնը։
Հանդիսութեան սկիզբը ողջոյնի խօսք արտասանեց Յարութիւն Վարդապետ եւ ուրախութիւնը յայտնեց որ Արաս Հրատարակչատունէն վերջերս լոյս տեսած գիրքը հանրութեան կը ներկայանար ու գիրքի շնորհանդէսը կը կատարուէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ օրհնութեամբ Պատրիարք Սրբազան Հօր։
Ողջոյնի Խօսքէ յետոյ երգուեցաւ «Ի վերին» երգը եւ հոգեհանգստեան աղօթք կատարուեցաւ Աւետիք Պատրիարքի հոգւոյն ի հանգիստ։ Ապա, գրքի հեղինակը Սիրվարդ Մալխասեան, Արաս Հրատարակչատունէն Սեւան Տեյիրմէնճեանի հետ միատեղ զրուցեց իր աշխատութեան մասին։
Մալխասեան նախ ներկայացուց իր կենսագրականը, որուն մէջ յիշեց, թէ՝ ինչպէս սկսած էր թարգմանչական աշխատութեամբ։ Այս բոլորին մէջ յիշարժան էր Արաս Հրատարակչատունէ ներս իր կատարած աշխատութիւնները, ինչպէս նաեւ երկարամեայ ծառայութիւնը որպէս Պատրիարքարանի դիւանի քարտուղար։
Յաջորդիւ, պատմեց, թէ՝ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս Թոխատեցի Աւետիք Պատրիարքի մասին նման աշխատութիւն մը տարած էր։ Այս աշխատութիւնը, նախ եւ առաջ իր նպաստը պիտի բերէր պատմական իմաստով, որպէսզի մեր երիտասարդները իմանային պատմական յիշատակութիւններ եւ տեսնէին, թէ՝ որքան մեծ զոհողութիւններ յանձն առած հոգեւորականներ ունեցած ենք մենք։ Առ այդ, անդրադարձաւ 18րդ դարուն Հայ ժողովուրդին մէջ իրականացած մարդորսորդութեան գործընթացքին, որուն որպէս հետեւանք Աւետիք Պատրիարք գահընկեց եղած էր, ինչպէս նաեւ աքսորուած եւ ապա օտար երկրի մէջ իր հոգին աւանդած։ Յատկապէս իր կեանքի վերջաբանը, նիւթ դարձած էր շատ մը գիրքերու եւ ֆիլմերու, «երկաթեայ դիմակով մարդ» խորագիրով։ Ինք բազմաթիւ աղբիւրներէն օգտագործուելով կը ներկայացնէր, թէ՝ Աւետիք Պատրիարքի վախճանը դարձած էր ոդիսական եւ նոյնիսկ կորսուած՝ իր գերեզմանը։ Հեղինակը նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց այդ օրերուն Օսմանեան Կայսրութեան, ինչպէս նաեւ Հայ Համայնքի անդամներու կողմէ, Աւետիք Պատրիարքը փրկելու համար կատարուած նախաձեռնութիւններու մասին։
Հետաքրքրական զրոյցի աւարտին, Սիրուն Սիրունեանի եւ Լուսի Քահվէճիօղլուի կողմէ գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր մը։ Անոնք, թէ դաշնակով, թէ տուտուկով եւ թէ՝ երգեցողութեամբ ներկայացուցին տոհմիկ երգեր։ Իսկ երաժշտութեան աւարտին, Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ գիրքի գինեձօնը։
Հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը եւ կատարուած աշխատութեան համար իր ուրախութիւնը յայտնեց։ Արաս Հրատարակչատան առաքելութեան անդրադառնալով գնահատեց իրենց հրատարակած այս գիրքը։ Ըսաւ, թէ՝ հակառակ անոր որ գիրքը Թրքերէնով լոյս տեսած էր, շնորհանդէսը գովելի ձեւով իրականացած էր Հայերէն լեզուով։ Այս միոյն ակնարկելով, ըսաւ, թէ՝ ժողովուրդին հասանելի դառնալու համար պէտք է օգտագործել լեզուական բոլոր միջոցները, որպէսզի մեր ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ դրացիները ծանօթանան մեր անցեալին եւ պատմութեան։ Այս առումով Սիրվարդ Մալխասեանի կատարած գործունէութիւնը մեծապէս գնահատանքի արժանի էր։ Պատրիարք Հայրը մաղթեց որ գիրքը ի մօտոյ լոյս տեսնէ նաեւ Հայերէնով, ինչպէս նաեւ օտար լեզուներով, որպէսզի այս գիրքի բովանդակութիւնը հասանելի դառնայ զանազան շրջանակներէ ներս։ Մեր Հոգեւոր Պետը գնատատեց նաեւ Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հայր Սուրբի գլխաւորութեամբ ձեռնարկի կազմակերպիչներն ու մասնակիցները։ Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Պատրիարք Հօր կողմէ յանձնուած յուշանուէրներով։
Bu haber trhaybad kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (trhaybad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(trhaybad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com