Նոր Շրջան «ԱՐԱՍ»ի Մէզ -
Նոր Շրջան «ԱՐԱՍ»ի Մէզ
Երեսուն տարիէ ի վեր «Պատուհան դէպի հայալեզու գրականութիւն» կարգախօսով Թուրքիոյ մշակութային ասպարէզին իր նպաստը բերող «Արաս» հրատարակչատունը կը թեւակոխէ նոր շրջան մը: «Արաս»ի զարգացման ու հեղինակութիւն դառնալու ճանապարհին մեծ դերակատարութիւն ունեցած մեր գործընկերն ու հրատարակութեան տնօրէնը՝ սիրելի Ռոպէր Քոփթաշ, եւ երկար տարիներու խմբագիր ու գործընկեր սիրելի Լորա Սարը կը հեռանան իրենց պաշտօնէն: Երախտապարտ ու շնորհակալ ենք իրենց վաստակին ու կը յղենք մեր բարեմաղթանքը՝ իրենց հետագայ աշխատանքներուն մէջ։ Ուրախ ենք, որ իրենց գիտելիքն ու փորձը պիտի շարունակեն բաժնեկցիլ «Արաս»ի հետ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք հրատարակութեան տնօրէնի պաշտօնը ստանձնած Նեսրին Ուչարլարի, խմբագրական խորհուրդի անդամներ Սեսիլ Արթուչի եւ Սեւան Տէյիրմենճեանի: «Արաս» իր ընթերցողներու հետաքրքրութեան եւ նեցուկի շնորհիւ, պիտի շարունակէ մտաւորական հարթակ մը ըլլալու հայոց պատմութեան ու մշակոյթի համար՝ ներշնչանքի աղբիւր դառնալով Թուրքիոյ հրատարակչական ոլորտին առջեւ:
Haberin Diğer Resimleri
1
2
Bu haber aras kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aras) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aras). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com