​Ըստ Հայաստանի Մէջ Շուէտի Դեսպանին. Շուէտը Վճռականօրէն Կը Պաշտպանէ Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Եւրո - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

05 Temmuz 2023  

​Ըստ Հայաստանի Մէջ Շուէտի Դեսպանին. Շուէտը Վճռականօրէն Կը Պաշտպանէ Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Եւրո -

​Ըստ Հայաստանի Մէջ Շուէտի Դեսպանին. Շուէտը Վճռականօրէն Կը Պաշտպանէ Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Եւրո ​Ըստ Հայաստանի Մէջ Շուէտի Դեսպանին. Շուէտը Վճռականօրէն Կը Պաշտպանէ Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Եւրոպական Միութեան Առաքելութիւնը

Շուէտը վճռականօրէն կը պաշտպանէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը եւ Հայաստանի ու Եւրոպական Միութեան համագործակցութիւնը:

Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Հայաստանի մէջ Շուէտի դեսպան Փաթրիք Սվենսոնը` մեկնաբանելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Բադալեանի գրառումը, որ Եւրոպական Միութեան մէջ Շուէտի նախագահութեան աւարտին առիթով Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան կարեւոր պահեր նշած է:

«Շնորհակալութի՛ւն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար, որ նշած էք Եւրոպական Միութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն այդ պահերը: Շուէտը վճռականօրէն կը պաշտպանէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը եւ Եւրոպական Միութեան ու Հայաստանի հետագայ համագործակցութիւնը, ներառեալ Արեւելեան գործընկերութեան եւ ՍԵՓԱ-ի (Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին համաձայնագիր, «Ա.») գործադրումը: Շուէտի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնումը անփոփոխ կը մնայ», նշած է Շուէտի դեսպանը:

Նշենք, որ Շուէտէն ետք Սպանիան կը ստանձնէ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+