Հայկական Կողմը Կը Վերջացնէ Մարգարայի Անցակէտի Բարեկարգումը -
Հայկական Կողմը Կը Վերջացնէ Մարգարայի Անցակէտի Բարեկարգումը
Հայ-թուրք հաշտութեան գործընթացի հայկական կողմի յատուկ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան, որ կը գլխաւորէ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի մէջ հայկական պատուիրակութիւնը, ԵԽԽՎի նստաշրջանը ամփոփեց յատուկ ասուլիսով մը։ Լրագրողներ առիթը գործածելով հարցումներ ուղղեցին նաեւ հայ-թուրք բանակցութիւններու մասին։ Հետաքրքրուեցան թէ ի՞նչպիսի փուլի մէջ է Մարգարայի սահմանային անցակէտը բանալու հարցը։
Ռուբինեան ըսաւ որ հայկական կողմը շուտով աւարտին պիտի հասցնէ Մարգարայի մէջ ենթակառոյցները բարեկարգելու աշխատանքները։ Ան յոյս յայտնեց որ թրքական կողմը նոյնպէս պիտի պահէ համաձայնութիւնները եւ այս ամառուայ ընթացքին համաձայնութիւնները կեանքի պիտի կոչուին», աւելցուց ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս պահուն, արդեօք քննարկումներ կա՞ն թրքական կողմին հետ, Ռուբինեան ըսաւ. «Գործընթացը տեղքայլի մէջ է, անհրաժեշտութեան բերումով կը խօսիմ իմ թուրք պաշտօնակցին հետ»։
Յիշեցնենք, որ Մարգարայի կամուրջով այս տարուան Փետրուարին հայկական կողմը մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկեց երկրաշարժէն տուժած թրքական բնակավայրերը։
Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com