Էքրէմ Իմամօղլու Այցելեց Վագըֆգիւղցիներուն - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

27 Haziran 2023  

Էքրէմ Իմամօղլու Այցելեց Վագըֆգիւղցիներուն -

Էքրէմ Իմամօղլու Այցելեց Վագըֆգիւղցիներուն Էքրէմ Իմամօղլու Այցելեց Վագըֆգիւղցիներուն

Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետը Շաբաթավերջին Այցելեց Հաթայ, Այն Քաղաքը Որ Մեծապէս Տուժած Էր 6 Եւ 20 Փետրուարի Երկրաշարժներէն։
Այցելութիւններու Կանգառներէն Մէկն Ալ Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղն Էր՝ Վագըֆգիւղը, Ուր Իմամօղլու Գիւղի Հրապարակի Թեյարանին Մէջ Մէկտեղուեցաւ Գիւղապետ Պերճ Գարթունի Ու Գիւղի Բնակիչներուն Հետ։

Մայր Քաղաքապետը Դիտել Տուաւ Որ Առաջին Անգամ Է Որ Վագըֆգիւղ Կ'այցելէր, Բայց Տեղեակ Էր Որ Ասոնք Այն Հողերն Են Որոնք Հիւրընկալած Են Բազմաթիւ Քաղաքակրթութիւններ Եւ Զանոնք Հասցուցած Են Մինչեւ Մեր Օրերը։ Ամէն Մարդ Պէտք Է Ապրի Իր Էթնիք Ինքնութեամբ Եւ Համոզումներով, Բոլոր Դժուարութիւններն Ու Խոչընդոտները Պէտք Է Սրբագրուին, Անխախտ Պահելով Հողերու Բերրիութիւնը։ Իմ Ցանկութիւնն Այն Է Որ Գիւղի Բնակչութեան Թիւը Աւելնայ, Դիտել Տուաւ Մայր Քաղաքապետը, Ընդգծելով Որ Փոքրամասնութիւն Բառը Ցաւ Կը Պատճառէ Իրեն։ «դուք Այս Երկրի Հաւասար Բաժնետէր Էք, Համահաւասար Իրաւունքներ Ունիք։ Պէտք Է Կոտրել Նախապաշարումները», Շեշտեց Քաղաքապետը։

Անդրադառնալով Երկրաշարժներու Պատճառած Աւերներուն, Իմամօղլու Ըսաւ Որ Աղէտին Բաւականաչափ Պատրաստուելու Անկարողութիւնը Ճամբայ Բացաւ Մեծաթիւ Կորուստներու։


İbb Başkanı Ekrem İmamoğlu Vakıfköyü Ziyaret Etti Ve Köy Muhtarı Berç Kartun Ve Köy Sakinleri Ile Sohbet Etti. Başkan Ilk Kez Vakıfköyü Ziyaret Ettiğini Belirterek Bu Toprakların Bir Çok Medeniyetlere Beşik Olduğunu Ve Arzusunun Köyün Nüfusunun Artması Olduğunu Söyledi. Önyargıların Kırılması Gerektiğini Sözlerine Ekleyen Başkan Vakıfköylülere "siz Bu Ülkenin Eşit Vatandaşlarısınız" Dedi.






Bu haber normarmara kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (normarmara) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(normarmara). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+