​Երեւանի մէջ կայացաւ «Սփիւռք-Հայաստան» խորհրդաժողովը - Gündem
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Կամաւօտ

Gündem :

28 Mayıs 2023  

​Երեւանի մէջ կայացաւ «Սփիւռք-Հայաստան» խորհրդաժողովը -

​Երեւանի մէջ կայացաւ «Սփիւռք-Հայաստան» խորհրդաժողովը ​Երեւանի մէջ կայացաւ «Սփիւռք-Հայաստան» խորհրդաժողովը

Օրերս Երեւանի մէջ կայացած է Հայաստան-Սփիւռք երկօրեայ խորհրդաժողովը մասնակցութեամբ՝ տարբեր երկիրներէ ժամանած սփիւռքահայերու: Խորհրդաժողովը քննարկած է Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի վերաբերող համազգային եւ օրախնդիր հարցեր:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Երեւանի իր աղբիւրէն։

Հայաստան-Սփիւռք՝ «Հայ ազգի եւ պետականութեան մարտահրաւէրներին ընդառաջ. մտածենք ազատ, խօսենք միասին» խորագիրով խորհրդաժողովին մասնակցելու նպատակով Երեւան ժամանած են աշխարհի տարբեր երկիրներէ սփիւռքահայեր:

Աղբիւրը նշեց, որ երկօրեայ խորհրդաժողովը բացուած է ՀՀ օրհներգով, ապա ներկաները մէկ րոպէ լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցած են պատերազմներուն ինկած հայորդի նահատակներու յիշատակին:

Հանդէս գալով խորհրդաժողովի կազմակերպիչ Յարութ Գալայճեան, ան նշած է, որ ապաքաղաքական այս խորհրդաժողովի նպատակն է նոր գաղափարներով Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի առջեւ ծառացած այսօրուան մարտահրաւէրներու համար գտնել լուծումներ:

Ապա խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի վերաբերող զանազան թեմաներ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ թեմաները, եւ այդ թեմաներուն առընթեր խօսքերով հանդէս եկած մեր հայրենակիցներուն անունները.-

- Որո՞նք են Արցախի խնդրի լուծման ուղիները: Ինչպէ՞ս հետապնդել հայկական հարցը ներկայ հանգրուանին: Զեկուցողներ՝ Ասպետ Գոչիկեան, Մարիամ Ռեւազեան:

- Հայաստանի մէջ ինչպէ՞ս կառուցել ազգային պետութեան բնորոշ քաղաքական համակարգ: Որո՞նք են Հայաստանի հզօրացման միւս գլխաւոր լծակները եւ ինչպէ՞ս զարգացնել զանոնք: Զեկուցողներ՝Արա Խանճեան, Արայիկ Մկրտումեան:

- Ի՞նչ ազգային անվտանգային մարտահրաւէրներ պէտք է յաղթահարէ հայ պետութիւնը: Ինչպէ՞ս պահապանել, ամրապնդել անոր անվտանգութիւնը: Զեկուցողներ՝ Վան Ահարոնեան, Նարեկ Աբրահամեան:

- Ինչպէ՞ս ապահովել հայ երիտասարդութեան լիարժէք մասնակցութիւնն ու ներդրումը հայ ազգային, պետական կեանքին, սփիւռքեան նոր հասկացողութեան մը զուգահեռ: Զեկուցողներ՝Վահան Պզտիկեան, Արտակ Մելիքեան:

- Ինչպէ՞ս ստեղծել «փափուկ ուժ» (soft power) յօգուտ Հայաստանի, համագործակցութեամբ պետական ու հասարակական կառոյցներու եւ սփիւռքի հնարաւորութիւններու համադրումով: Նորայր Էպլիղաթեան, Գագիկ Սաֆարեան:

Խորհրդաժողովի աւարտին տեղի ունեցած է մամլոյ ասուլիս, ուր կազմակերպիչ մարմնի անունով հանդէս եղողները ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուցած են խորհրդաժողի աշխատանքներուն մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ։





Bu haber arevelk kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (arevelk) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(arevelk). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+