Քըլըչտարօղլու. «Ոտքի Պիտի Կանգնինք Եւ Միասնաբար Պիտի Յաղթենք Այս Ընտրութիւններուն -
Քըլըչտարօղլու. «Ոտքի Պիտի Կանգնինք Եւ Միասնաբար Պիտի Յաղթենք Այս Ընտրութիւններուն
Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ազգ» դաշինքին կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածու, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուն «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով դիմած է ժողովուրդին: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիիհապեր»-ը:
«Սիրելի՛ ժողովուրդ, երէկուընէ անդադար կ՛աշխատինք: Յուսահատութեան մէջ չիյնանք: Ես անսասան պիտի մնամ: Ձեզ պիտի ըսեմ այն ամէնը, ինչ որ կատարուած է:
«Այնուհետեւ ոտքի պիտի կանգնինք եւ միասնաբար պիտի յաղթենք այս ընտրութիւններուն: Ամէնէն վերջը պիտի ըլլայ այնպէս, ինչպէս պիտի ըսէ մեր ազգը», գրած է ընդդիմադիր թեկնածուն:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ 14 մայիսի նախագահական ընտրութեան արդիւնքներուն հիման վրայ նախագահի թեկնածուներէն ո՛չ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն, ո՛չ ալ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը յաջողած է ստանալ 50 առ հարիւր + 1 քուէ, այդ պատճառով ալ նախագահական ընտրութիւնները տեղափոխուած են 2-րդ փուլ, որ տեղի պիտի ունենայ 28 մայիսին:
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com