Հրաժեշտի Ս. Պատարագ Թորոնթոյի Մէջ - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

08 Mayıs 2023  

Հրաժեշտի Ս. Պատարագ Թորոնթոյի Մէջ -

Հրաժեշտի Ս. Պատարագ Թորոնթոյի Մէջ Հրաժեշտի Ս. Պատարագ Թորոնթոյի Մէջ

Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, աւարտելով իր ուսման շրջանը, 7 Մայիս 2023, Կիրակի, Երեւման Ս. Խաչի Տօնին, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց։

Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդական Փոխանորդ Արժ. Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեան, յանուն Գանատահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, ծխական մարմիններու եւ հաւատացելոց շնորհակալութիւն յայտնեց Հայր Սուրբին, ինչպէս նաեւ որդիական ակնածանք փոխանցեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։

Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Հիւսիսային Ամերիկայի երեք առաջնորդներուն, որոնց օրհնութեամբ եւ հիւրընկալութեամբ առիթը ունեցած էր եկեղեցական կեանքի մէջ առաւել եւս հմտանալու։ Հայր Սուրբը, յետոյ անդրադարձաւ Երեւման Ս. Խաչի Տօնի խորհուրդին եւ յայտնեց, թէ այս դէպքը աստուածային ստորագրութիւն մըն էր Ս. Երուսաղէմի երնակամարին վրայ։

ԱԹՈՌՈՅՍ ՄԱՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Նոյն օր, յետ միջօրէին, Հայր Սուրբը «Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը եւ իր առաքելութիւնը» նիւթով ներկայացում ունեցաւ։
Յարութիւն Վարդապետ ներկայացուց Պոլսոյ Պատրիարքութեան, նուիրապետական աթոռ ըլլալու հանգամանքը եւ Հայ եկեղեցւոյ մէջ ունեցած կարեւոր առաքելութեան մասին խօսեցաւ։ Աթոռոյ հաստատութեան եւ զարգացման պայմաններուն ակնարկելով, ցոյց տուաւ, թէ աւելի քան 550 տարիներ կը գործէ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը եւ ներկայիս Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ կը շարունակէ իր պատմական առաքելութեան։





Bu haber trhaybad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (trhaybad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(trhaybad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+