​Աքար. «Որքան Երկար Ժամանակ Կը Պահանջուի Համաձայնագիրը Կնքելու Համար, Այնքան Կը Մեծնայ Նորէն Զինուոր - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

08 Mayıs 2023  

​Աքար. «Որքան Երկար Ժամանակ Կը Պահանջուի Համաձայնագիրը Կնքելու Համար, Այնքան Կը Մեծնայ Նորէն Զինուոր -

​Աքար. «Որքան Երկար Ժամանակ Կը Պահանջուի Համաձայնագիրը Կնքելու Համար, Այնքան Կը Մեծնայ Նորէն Զինուոր ​Աքար. «Որքան Երկար Ժամանակ Կը Պահանջուի Համաձայնագիրը Կնքելու Համար, Այնքան Կը Մեծնայ Նորէն Զինուորական Գործողութիւններու Մէջ Իյնալու Վտանգը»

Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորումը նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ կովկասեան շրջանին համար: Այս մասին ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար: Թուրք պաշտօնատարը «Թէ.Ռէ.Թէ. Ուըրլտ»-ի համար յօդուածի մը մէջ յոյս յայտնած է, որ «պատմական թշնամանքներու վերացումը ճամբայ պիտի հարթէ տեւական բարեկամութեան եւ համագործակցութեան համար»:

«Սակայն մենք պէտք է նկատի ունենանք ստեղծուած նուրբ կացութիւնը: Հակառակ անոր որ տագնապը ներկայիս սառեցուած է, զինուորական գործողութիւններու մէջ նորէն իյնալու վտանգը կը մեծնայ, որքան երկար ժամանակ կը պահանջուի համաձայնագիրը (Հայ-ազրպէյճանական լուծման համաձայնագիրը, «Ա.»)», ըսած է ան:

Աքարի համաձայն, երկու «խնդիր» Անգարային եւ Երեւանին խանգարած է բնական յարաբերութիւններ զարգացնել Խորհրդային Միութենէն Հայաստանի անկախացումէն ի վեր: Անոնցմէ մէկը, ըստ անոր, արցախեան առաջին պատերազմն էր, միւսը` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ տարբեր տեսակէտները:

Աքարի համաձայն, Թուրքիան հաւատարիմ կը մնայ այն համոզումին, որ թուրք եւ հայ ժողովուրդները, որոնք «հանդուրժողականութեան եւ խաղաղութեան մէջ ապրելու երկար պատմութիւն ունին», կրնան յարաբերութիւններ հաստատել բարեկամութեան եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան վրայ` հակառակ մարտահրաւէրներուն:

«Եթէ շրջանի եւ ատկէ դուրս գտնուող երկիրները որոշեն ներդրումներ կատարել խաղաղութեան համար, ապա քաղաքական եւ տնտեսական շահաբաժինները մեծ պիտի ըլլան ամբողջ շրջանին համար: Թուրքիան կը ցանկար, որ երրորդ երկիրները, ներառեալ Արեւմուտքի մէջ իր դաշնակիցները, կա՛մ օգնէին այս նոր ըմբռնման, կա՛մ գոնէ` զգուշանային պատմական վէճը քաղաքականացնելու եւ զինուորական գործողութիւնները յաւերժացնելու ջանքերէն», ըսած է ան:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+