Հրաժեշտ Երուսաղէմին Եւ Վերադարձ -
Հրաժեշտ Երուսաղէմին Եւ Վերադարձ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը դէպի Երուսաղէմ կատարած անդրանիկ պաշտօնական այցելութիւնն ու ուխտագնացութիւնը 27 Յունուար 2023, Ուրբաթ միջօրէին աւարտեց եւ ուշ երեկոյեան վերադարձաւ Աթոռ։
Առաւօտեան, ժամը 07.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճարի մէջ հանդիսապետեց գիշերային ժամերգութեան, որմէ ետք հրաժեշտ առաւ Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Սեւան Արքեպս. Ղարիպեանէ եւ միաբան հայրերէ։
Ապա մեր Հոգեւոր Պետը մեկնեցաւ Գեթսեմանիի Ձորի մէջ գտնուող Ս. Աստուածածնի Վանքը, ուր դիմաւորուեցաւ տեսուչ Հոգշ. Տ. Արտակ Աբղ. Տիւշէնեանի կողմէ։ Այստեղ ուխտի Ս. Պատարագ մատոյց Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը վերադառնալով Ս. Յակոբեանց Մայրավանք, շքախումբին հետ այցելեց Ս. Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հօր։ Մեր Հոգեւոր Պետն ու ուխտաւոր հոգեւոր հայրեր հիւրասիրութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցին Ս. Երուսաղէմի Պատրիարքին եւ անոր անձին մէջ Աթոռոյ զինուորեալ միաբանութեան։
Մեր Հոգեւոր Պետը, շքախումբը եւ ուխտաւորներ նոյն երեկոյ Աթոռ վերադարձան։
Bu haber trhaybad kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (trhaybad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(trhaybad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com