Պատրիարք Հայրը Ցաւակցեցաւ Յիսուս Փրկիչ Եկեղեցւոյ Շրջափակի Հրդեհին Համար - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

25 Ocak 2023  

Պատրիարք Հայրը Ցաւակցեցաւ Յիսուս Փրկիչ Եկեղեցւոյ Շրջափակի Հրդեհին Համար -

Պատրիարք Հայրը Ցաւակցեցաւ Յիսուս Փրկիչ Եկեղեցւոյ Շրջափակի Հրդեհին Համար Պատրիարք Հայրը Ցաւակցեցաւ Յիսուս Փրկիչ Եկեղեցւոյ Շրջափակի Հրդեհին Համար

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ ուխտագնացութեամբ կը գտնուի Երուսաղէմ, տեղեկանալով Ղալաթիոյ Յիսուս Փրկիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ծագած հրդեհին, ցաւակցական գիր մը ղրկեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիեանին։
Նորին Ամենապատտուութիւնը իր նամակին մէջ ըսաւ.

«Արհիապատիւ Եւ սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս,
Երէկի ցաւառիթ հրդեհը յիրաւի մտահոգեց մեզ։ Սուրբ Երուսաղէմ կը գտնուինք ըստ Հին Տոմարի տօնելի Սուրբ Ծննդեան արարողութեանց եւ դէպի սրբատեղիներ ուխտագնացութեան համար։

Թէեւ մանրամասնութեանց տեղեակ չենք, սակայն առաջին ստացուած տեղեկութեանց համաձայն Աստուծոյ Փառքին ընծայուած տաճարը անվթար մնացած է, որուն համսր գոհութիւն կը մատուցանենք առ Աստուած։

Ցաւեցանք նաեւ, թէ երկու հոգի իր կեանքը կորուսած է, որուն համար կը ցաւակցինք եւ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնը կը հայցենք։
Անցեալ ըլլայ կ՚ըսենք եւ առաջին առթիւ այսու գրիւ կը յայտնենք մեր ցաւը եւ ի մէջ Սրբատեղեաց ու մանաւանդ ի ժամ Սուրբ Պատարագի, զոր պիտի մատուցենք Քրիստոսի Լոյս Գերեզմանի վրայ, աղօթք պիտի առաքենք առ Աստուած որ հեռու պահէ բոլորս նման ցաւառիթ պատահարներէ։
Մեր վերադարձին առաջին առթիւ առիթը կ՚ունենանք Ձեզ հետ համդիպում ունենալու»։





Bu haber TRHayBad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (TRHayBad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(TRHayBad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+