​Արցախի Ամբողջական Շրջափակումը Կը Շարունակուի. Ազրպէյճանը Կրկին Ամբողջութեամբ Փակած Է Հայաստանէն Արց - Gündem
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Կամաւօտ

Gündem :

23 Ocak 2023  

​Արցախի Ամբողջական Շրջափակումը Կը Շարունակուի. Ազրպէյճանը Կրկին Ամբողջութեամբ Փակած Է Հայաստանէն Արց -

​Արցախի Ամբողջական Շրջափակումը Կը Շարունակուի. Ազրպէյճանը Կրկին Ամբողջութեամբ Փակած Է Հայաստանէն Արց ​Արցախի Ամբողջական Շրջափակումը Կը Շարունակուի. Ազրպէյճանը Կրկին Ամբողջութեամբ Փակած Է Հայաստանէն Արցախ Մտնող Միակ Կազատար Խողովակը

Ազրպէյճանական կողմը շաբաթ օր կրկին ամբողջութեամբ փակած է Հայաստանէն Արցախ մտնող միակ կազատար խողովակը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Արցախի տեղեկատուական կեդրոնը:

«Սելսիուսի սանդղակով Արցախի մէջ -5 աստիճանի պայմաններուն մէջ բնական կազի` վերջին օրերուն արդէն քանիերորդ անգամ անջատումը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ պաշտօնական Պաքուն Արցախի 120 հազար շրջափակման մէջ գտնուող խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ, միջազգային հանրութեան թողտուութեան պայմաններուն մէջ, կը վարէ բացայայտ ահաբեկչական քաղաքականութիւն:

Նշենք, որ աւելի կանուխ` 9 յունուարին, ազրպէյճանական կողմի միջամտութեամբ խափանուած է նաեւ Գորիս-Ստեփանակերտ 110 քիլոուաթ բարձր լարային միակ ելեկտրական գիծը` Արցախի բնակիչները զրկելով նաեւ ելեկտրական հոսանքի կայուն մատակարարման կարելիութիւններէն:

Եղանակային առկայ պայմաններուն մէջ ելեկտրուժի մատակարարումը կ՛իրականացուի Արցախի ներքին սահմանափակ միջոցներուն հաշուոյն` օրական արդէն 6 ժամ տեւողութեամբ անջատումներով, ինչ որ շարունակաբար աճելու միտում ունի», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:





Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+