Ստանպուլի Կուսակալի Ամանորի Հաւաքը -
Ստանպուլի Կուսակալի Ամանորի Հաւաքը
Ստանուլի Կուսակալ Ալի Երլիքայա 13 Դեկտեմբեր 2022, Երեքշաբթի գիշեր, երբեմնի Չրաղան պալատի՝ Հօթէլ Քէմփինսքիի մէջ Ամանորի առթիւ ընթրիք մը սարքեց ուղղեալ՝ քաղաքիս ոչ-իսլամ համայնքներու հոգեւոր ու աշխարհական առաջնորդներուն։
Ընդառաջելով կուսակալ Երլիքայայի հրաւէրին, ընթրիքին մասնակցեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Ներկայ էին Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, Հայ Կաթոլիկ համայնքի հոգեւոր պետ՝ Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլու, ինչպէս նաեւ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամներէն Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։
Նոյն առթիւ Ստանպուլի Կուսակալը իր ուրախութիւնը յայտնեց քաղաքիս ոչ-իսլամ համայնքներու հոգեւոր ու աշխարհական առաջնորդներուն հետ մէկտեղուելուն պատճառաւ։ Այս ու նման հաւաքներու համար հոյակապ առիթներ են տօնական օրերը, ինչպէս նոր տարին։ Կուսակալ Երլիքայա յայտնեց թէ ամբողջ աշխարհի ապրած դժուարին այս օրերուն Ստանպուլի ոչ-իսլամ համայնքները, գլխաւորութեամբ իրենց հոգեւոր ու աշխարհիկ առաջնորդներուն միշտ կողք կողքի են, որ ուրախութիւն է բոլորիս համար։ Ան ըսաւ, որ Ստանպուլը ինչպէս Օսմանեան շրջանին, Հանրապետական շրջանին եւս եղած է օրինակելի քաղաք մը համակեցութեան ու բազմամշակութային կառոյցով։ Կուսակալ Երլիքայա շնորհաւորեց ներկաներու եւ իրենց ներկայացուցած համայնքներու մօտալուտ նոր տարին ու մաղթեց խաղաղ ու բարօր բազում տարիներ։
Bu haber trhaybad kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (trhaybad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(trhaybad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com