Վաղը Համայնքային Ընտրութիւնները Պիտի Շարունակուին Իսթանպուլի Ա. Եւ Բ. Ընտրաշրջաններուն Մէջ -
Վաղը Համայնքային Ընտրութիւնները Պիտի Շարունակուին Իսթանպուլի Ա. Եւ Բ. Ընտրաշրջաններուն Մէջ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը այս շրջանին ամբողջութեամբ կ՚ուղղորդուի համայնքային վաքըֆներու մատակարար մարմիններու ընտրութիւններով։ Վաղը պիտի ըլլայ հերթական կիրակին, երբ մեր համայնքի անդամները քուէատուփի մօտ պիտի փութան՝ այս անգամ 10 կառոյցի մատակարար մարմնի նոր կազմը ընտրելու համար։
Վաղուան ընտրութիւնները նախատեսուած են Իսթանպուլի Ա. եւ Բ. ընտրաշրջաններուն մէջ։ Բ. ընտրաշրջանի ընտրութիւնները արդէն հետզհետէ կը մօտենան իրենց աւարտին։ Յամենայնդէպս, այս ընտրաշրջանին մէջ կուտակուած են մեր ամենաբարձր թիւով հաստատութիւնները։ Բ. ընտրաշրջանէն ներս վաղը քուէատուփեր զետեղուած պիտի ըլլան Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցիներու շրջափակէն ներս։ Մեր համայնքի անդամները այս կէտերուն վրայ պիտի քուէարկեն՝ ընտրելու համար Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եւ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու նոր կազմերը, ինչպէս նաեւ Կիւմիւշեան կտակի հիմնարկի նոր վարչութիւնը։
Թէ՛ Պալաթի եւ թէ՛ Ռումելիհիսարի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար մէկէ աւելի ցուցակներ պիտի մրցին։ Երկու եկեղեցիներու համար ալ թեկնածուական երկու ցուցակի մրցապայքար պիտի ըլլայ։ Ռումելիհիսարի պարագային կան Կապոյտ եւ Դեղին ցուցակները, իսկ Պալաթի համար կան՝ Կապոյտ եւ Կարմիր ցուցակներ։
Գալով Ա. ընտրաշրջանին, այսինքն Իսթանպուլի Ասիական ափին, վաղը 7 եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմ պիտի վերանորոգուի։ Քուէատուփերը պիտի զետեղուին Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին եւ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ։ Ա. ընտրաշրջանի ընտրողները պիտի քուէարկեն՝ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սկիւտարի Ս. Կարապետ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս, Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եւ Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու կազմերը վերանորոգելու համար։
Այս ընտրաշրջանէն ներս ալ երկու կէտի վրայ ընտրապայքար պիտի ապրուի։ Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած է երեք տարբեր ցուցակ՝ Սպիտակ, Կապոյտ եւ Դեղին։ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու կը յաւակնին Դեղին եւ Կապոյտ ցուցակները։
Վաղուան բոլոր ընտրութիւնները կը կազմակերպուին Ա. եւ Բ. ընտրաշրջաններուն համար կազմուած համատեղ ընտրական մարմիններուն կողմէ։
Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com