​Համայնքին Կողմէ Կոչ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

03 Aralık 2022  

​Համայնքին Կողմէ Կոչ -

​Համայնքին Կողմէ Կոչ ​Համայնքին Կողմէ Կոչ

Համայնքային շրջանակները անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան գործընթացին։ Քուէարկութիւնը նախատեսուած է 17 դեկտեմբեր, շաբաթ։ Ընտրութեան ընդառաջ Պիւյիւքտէրէի պարագային կը տիրէ անորոշութիւն։ Ընտրական մարմինը, որ եկեղեցւոյ այժմու թաղային խորհուրդին կողմէ առանձնապէս կազմուած ու պաշտօնի կոչուած է, հակառակ կանոնադրութեան մէջ նախատեսուած ժամկէտներուն՝ անհրաժեշտ հանգամանքներու հրապարակումը կը յապաղեցնէ։ Այս հանգամանքը անհանգստութեամբ կ՚ընկալուի համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Ի լրումն այս բոլորին, ընտրական մարմինը հակուած է միայն Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ քուէատուփ զետեղել՝ նախատեսուած թուականին։

Մինչ այս բոլորը խոր անհանգստութիւն եւ մտահոգութիւն յառաջացուցած էին, երէկ, համայնքին կողմէ ծանրակշիռ կոչ մը հնչեց՝ Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ ընտրական մարմնին հասցէագրուած։ Այսպէս, Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը՝ ERVAB հանդէս եկաւ ահազանգային յայտարարութեամբ, որով Պիւյիւքէրէի ընտրական մարմինը հրաւիրուեցաւ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ընելու, որպէսզի անպայման մէկէ աւելի վայրերու մէջ քուէարկելու հնարաւորութիւն տրուի ժողովուրդին համար։ Այլապէս, ընտրական կանոնադրութեան ոգիին ու տարրին ներհակ կացութիւն մը պիտի յառաջանայ, ինչ որ, բնականաբար, անբաղձալի է։

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին ERVAB-ի յայտարարութիւնը պաշտօնապէս ընթերցուեցաւ իրաւաբան Սարօ Պենկլեանի կողմէ։ ERVAB-ի հովանոցին ներքեւ կատարուած այս յայտարարութիւնը առաջին հերթին Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ կը կատարուէր։ Արդարեւ, Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանի պարագային այս երեքը մեր այն հիմնական կառոյցներէն են, որոնց շուրջ զգալի քանակութեամբ մարդուժ կուտակուած է եւ ցարդ կատարուած բոլոր քուէարկութիւններուն ժամանակ այս կէտերուն վրայ քուէարկողներու թիւը հասած է առաւելագոյն համեմատութեան։ Երէկուան հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ հիւրընկալ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր գործակից ընկերները։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+