Քննարկում Եւ Գնահատանք - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

20 Kasım 2022  

Քննարկում Եւ Գնահատանք -

Քննարկում Եւ Գնահատանք Քննարկում Եւ Գնահատանք

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները, ըստ էութեան, անդրադարձան Սեւ ծովու միջոցաւ հացահատիկի տեղափոխման համաձայնութեան եւս 120 օրով երկարաձգման։ Էրտողան այս ուղղութեամբ ցուցաբերած դրական դիրքորոշման համար շնորհակալութիւն յայտնեց Փութինին։ Անոնք արժեւորեցին նաեւ՝ Թուրքիան բնական կազի տեղափոխման հանգոյցի մը վերածելու ուղղեալ առաջարկը։ Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Էրտողան շեշտեց, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի երկարաձգումը պիտի բարձրացնէ հաւանական վտանգները եւ այս պատճառով պէտք է վերակենդանացնել դիւանագիտական շփումները։

Նախագահ Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ Ռուսաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու լրաքաղութեան սպասարկութիւններու ղեկավարներուն Թուրքիոյ տանտիրութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման։ Ան համոզուած է, թէ այս շփումը բանալի դերակատարութիւն մը ունի՝ դաշտի վրայ հակակշիռէ դուրս մագլցումները կանխելու տեսակէտէ։ Նոյեմբերի 14-ին, MİT-ի հիւրընկալմամբ, Անգարայի մէջ մէկտեղուած էին CIA-ի ղեկավար Ուիլիըմ Պէօրնս եւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Նարիշքին։

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ հացահատիկի փոխադրութեան ծրագրի եւս 120 օր երկարաձգման կապակցութեամբ միջազգային ընտանիքի կողմէ շնորհակալութեան պատգամներ կը հասնի Թուրքիա։ Այս շրջանակին մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես ընդգծեց իր երախտագիտութիւնը թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ անձամբ նախագահ Էրտողանի նկատմամբ։ Ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառման մէջ ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց թրքական կողմի վճռակամութիւնը։

Թուրքիոյ մէջ բնական կազի մեծ շտեմարան մը եւ տարանցման հանգոյց մը ձեւաւորելու ուղղեալ Փութինի առաջարկն ալ շօշափուած է երէկուան հեռախօսազրոյցի ժամանակ։ Էրտողան այս կապակցութեամբ արտայայտած է իր գոհունակութիւնը։ Իր խօսքով՝ որդեգրուած համատեղ նպատակներուն ժամ առաջ հասնելու համար թեքնիք անձնակազմը անհրաժեշտ արժեւորումները կատարել պիտի սկսի՝ ներառեալ խնդրին իրաւական եւ առեւտրական չափումները։

Էրտողան երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին Փութինին շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ՝ անցեալ շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ պատահած ահաւոր պայթումէն վերջ յղած ցաւակցութիւններուն համար։

Միւս կողմէ, Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ։




Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+