Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կը բերուի - Հայերէն
22 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

10 Ekim 2022  

Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կը բերուի -

Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կը բերուի Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կը բերուի

Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանէն կ՛իմանանք թէ յառաջիկայ 21 հոկտեմբեր – 3 նոյեմբեր, 2022-ին Ֆաթիմայի Սուրբ Կոյս Մարիամին արձանը ուխտագնացութեամբ կը ժամանէ Հայաստան եւ Վրաստան։

Եղելութիւն մը` որ «պատմական» է, տրուած ըլլալով որ այս առաջին անգամն է որ Ֆաթիմայի Տիրամայրը պիտի այցելէ Հայաստանի եւ Վրաստանի հայ կաթողիկէ համայնքները։

«Սա, յիրաւի շատ մեծ իրադարձութիւն է եւ նոյնքան մեծ յոյսի եւ վստահութեան աղբիւր՝ իւրաքանչիւր հայի համար, մանաւանդ, այս ծանր ժամանակներում» կը կարդանք այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ուր նշուած է նաեւ «Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանիկի այցելութիւնը լինելու է մի եզակի առիթ եւ հնարաւորութիւն՝ նորոգելու մեր հաւատքը՝ ներկայի եւ ապագայի հանդէպ, վստահութիւնը՝ Աստուծոյ վրայ եւ Սուրբ Կոյս Աստուածամօր բարեխօսութեան ուժականութեան հանդէպ, նոր լիցքեր հաղորդելու Սուրբ Կոյսի հանդէպ մեր նուիրումին եւ սիրոյն, Վարդարանի աղօթասացութեանը եւ, ընդհանրապէս, աղօթական կեանքին՝ մեր համայնքներից ներս: Սա լինելու է առիթ՝ նաեւ համոզուելու, որ մեր Եկեղեցւոյ Մայրը միշտ հայի կողքին է՝ բերելու Իր Սուրբ Որդու ներկայութիւնը եւ փրկութեան աւետիսը»:

Ֆաթիմայի այս արձանիկի հանդէպ առանձնայատուկ յարգանքի պատճառը 1917 թուականի մայիսի 13-էն հոկտեմբերի 13-ը Փորթուկալիայի Ֆաթիմա բնակավայրի մօտ տեղի ունեցած Աստուածամօր երեւումներու պատմութիւնն է: Սուրբ Կոյսը երեւցաւ երեք փոքրիկ մանուկներու, որոնցմէ երկուքը արդէն սուրբ հռչակուած են: Այդ երեւումները մեծ հետք թողուցին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ:



Ուխտագնացութեան օրակարգը

Ֆաթիմայի Տիրամօր ուխտագնացութիւնը Հայաստանի եւ Վրաստանի սկիզբ կ՛առնէ 21 հոկտեմբերի երեկոյեան տեղական ժամով 8-ին Երեւանի Մխիթարեան Միաբանութեան կրթական համալիրին մէջ տեղի ունեցած Հսկումի աղօթքով, որուն, նոյն կեդրոնին մէջ, երկրորդ օրը առաւօտեան 11-ին կը յաջորդէ Տիրամօր նուիրուած Սուրբ պատարագ իսկ յետմիջօրէի ժամը 4-ին Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Երեւանի Անի Պէզիքեան երիտասարդական կեդրոնին մէջ նախատեսուած է Վարդարանի ջերմեռանդութիւնը իսկ երեկոյեան` Հսկում, Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան մէջ։

Կիրակի 23 Հոկտեմբերին, միշտ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան մէջ, կը մատուցի Սուրբ Պատարագ իսկ երեկոյեան Ֆաթիմայի Տիրամայրը հանգրուան կը կատարէ Երեւանի Մայր Թերեզայի Գթութեան քոյրերու միաբանութեան կեդրոնին մէջ, ու երկրորդ օրը 24 հոկտեմբերին կը փոխադրուի վերոնշեալ միաբանութեան Սպիտակի կեդրոն։

Երեքշաբթի 25 Հոկտեմբերին Տաշիրի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան «Տիրամայր Հայաստանի» կեդրոնին մէջ, յետմիջօրէի 4-ին, նախատեսուած է Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդութիւն, իսկ երեկոյեան, Տաշիրի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ հսկում։

26 Հոկտեմբերին միշտ Տաշիրի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ ապա Տիրամօր արձանը յաջորդաբար կը փոխադրուի Նորաշէնի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցի, Մեծաւանի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի եւ Աշոցքի Տիրամայր Նարեկի հիւանդանոց։

Հինգշաբթի 27 հոկտեմբերին նախատեսուած է Սուրբ Պատարագ Մեծ Սեպասարի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ, ապա Վարդարանի աղօթք Սիզավէտի Սուրբ Ամենափրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ եւ Հսկում ու պատարագ Բաւրայի Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ մէջ։

Ուրբաթ 28 Հոկտեմբերին Տիրամօր արձանը հանգրուան կը կատարէ` Ղազանչիի Սուրբ Յովսէփի անուան հայ կաթողիկէ Եկեղեցի, Հովտունի Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր ժողովրդապետութիւն, Արփենիի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցի եւ Փանիկի Սուրբ Աստուածածնայ նուիրուած Եկեղեցի։ Փորթուկալի Տիրամօր արձանը իր ուխտագնացութիւնը կը շարունակէ 29 հոկտեմբերին դէպի Լանջիկ, Ձիթհանքով, Ազատան, Արեւիկ, ժամանելով Գիւմրի նախ` Հայ Քոյրերու «Տիրամայր հայաստանի» կեդրոն ապա Սրբոց Նահատակաց Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցի, ուր երկրորդ օրը` Կիրակի 30 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին տեղի կ՛ունենայ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ որով կ՛աւարտի Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանի Հայաստանի ուխտագնացութիւնը եւ կէսօրէն ետք սկիզբ կ՛առնէ ուխտագնացութեան երկրորդ փուլ հանդիսացող Վրաստանի այցելութիւնը։

Տիրամօր արձանը Վրաստան կը մնայ մինչեւ 3 նոյեմբեր եւ չորս օր տեւող ուխտագնացութեան ընթացքին հանգրուան կը կատարէ Վրաստանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն մէջ սկսեալ Ժնդանովականէն ապա անցնելով Հեշտիայի, Թորիայի, Ուջմանայի, Բավրայի,Կարտիկամի, Խուլգումոյի եւ Տուրցխի հայ կաթողիկէ եկեղեցիներէն ինչպէս նաեւ այցելելով Վարեւանի, Ալաստանի եւ Սուխլիսի հայ կաթողիկէ համայնքները որոնցմէ ետք` 2 նոյեմբերին Տիրամօր արձանը կը փոխադրուի Ծղալթբիլա, Նաոխրեբ, Ջուլղա, Աբաթխեւ, Ղուլալիս ու Ծինուբանի հայ կաթողիկէ եկեղեցիներ ուր տեղի կ՛ունենան աղօթքի հսկումներ, պատարագներ եւ Վարդարանի ջերմեռանդութիւնը։

Հինգշաբթի 3 Նոյեմբերին Ֆաթիմայի Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ հրաշագործ արձանը հրաժեշտ կ՛առնէ Թիֆլիսէն վերադարձ կատարելու Փորթուկալ






Bu haber arevelk kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (arevelk) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(arevelk). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+