Դպրոցները «Քորոնա»ի տարածման իսկական բոյներ -
Դպրոցները «Քորոնա»ի տարածման իսկական բոյներ
Իտալացի գիտնականները նշած են, որ դպրոցներուն մէջ «Քորոնա» ժահրը աւելի արագ կը տարածուի քան այլ վայրերէ:
Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ դպրոցներուն մէջ երեխաները «Քորոնա» ժահրի փոխանցման հիմնական աղբիւրն են, իսկ տունը այս վարակը միայն կ'աւելնայ։ Հետազօտութեան հեղինակները վերլուծած են վարակի փոխանցման օրինաչափութիւնները՝ ուսումնասիրելով 976 դէպք, ուր ներգրաւուած եղած է քննութեամբ դրական արդիւնք ունեցող 460 մարդ: Դիտարկումները իրականացուած են Իտալիոյ Լոմպարտիա մարզին մէջ 2021 թուականին:
Բոլոր տուեալները առնուած են 6000-էն քիչ մը աւելի բնակչութիւն ունեցող փոքր քաղաքի աշակերտներու, դպրոցի անձնակազմի եւ անոնց ընտանիքներու սովորական դիտարկումներէն եւ զննումներէն: Վերլուծութիւնը ցոյց տուած է, որ ինչպէս երիտասարդ, այնպէս ալ տարեց խումբերը աշխուժօրէն ներգրաւուած եղած են վարակի տարածման հարցով, թէեւ ընդհանուր առմամբ ընդունուած է, որ դպրոցէն ներս վարակուելու հաւանականութիւնը աւելի ցած է։ Վարակի փոխանցումներուն մօտաւորապէս 50 տոկոսը արձանագրուած է տունը, 21 տոկոսը՝ դպրոցը եւ 29 տոկոսը՝ այլ հասարակական վայրեր։
Այնուամենայնիւ, ժահրի փոխանցման շղթայի առումով ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ աշակերտներու շրջանակին մէջ այն արագօրէն կը տարածուի: Ուստի իշխանութիւնները պէտք է մշակեն դպրոցներու անվտանգութեան նոր ռազմավարութիւն:
Bu haber arevelk kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (arevelk) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(arevelk). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com