Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ հանդիպեցաւ Սիտնէյի Հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

31 Temmuz 2022  

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ հանդիպեցաւ Սիտնէյի Հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ -

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ հանդիպեցաւ Սիտնէյի Հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ հանդիպեցաւ Սիտնէյի Հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ

Անոնք համաձայն գտնուեցան, որ այսօր աւելի քան երբեք հրամայական է, աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբումը, միասնական համագործակցութիւնը, դիմագրաւելու ու յաղթահարելու համար բոլոր դժուարութիւնները, հաւատարիմ մնալով պապենական հաւատքին ու կառչած` ազգային ինքնութեան։

Աւստրալիա կատարած հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը աւարտելէ ետք Մելպուրնի հանգրուանը, չորեքշաբթի 27 Յուլիսին, իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին, վերադարձաւ Սիտնէյ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ մի քանի ընտանիքներուն հետ, ապա Սիտնէյի Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մէջ ընդունեցաւ Սիտնէյի հայկական կազմակերպութիւններ` ՀՅԴ, Հ.Օ.Մ, Համազգային եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ատենապետերու եւ ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը։

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ հանդիպեցաւ Սիտնէյի Հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։Աւստրալիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հովիւ Հայր Բարսեղ Սուսանեանի եւ Հայր Նարեկ Մնոյանի մասնակցութեամբ բարեկամական մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ զրուցակիցներուն անդրադառնալու Հայաստանին դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն մասին, ու քննարկելու Լիբանանը եւ լիբանահայութիւնը յուզող հարցեր, յատկապէս Երկրին այսօր ապրած ճգնաժամային ժամանակաշրջանի ծիրէն ներս։

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ հանդիպեցաւ Սիտնէյի Հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։Անոնք համաձայն գտնուեցան, որ այսօր աւելի քան երբեք հրամայական է, աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբումը, միասնական համագործակցութիւնը, դիմագրաւելու ու յաղթահարելու համար բոլոր դժուարութիւնները, հաւատարիմ մնալով պապենական հաւատքին ու կառչած` Ազգային Ինքնութեան։

Հանդիպման աւարտին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հարցազրոյց մը ունեցաւ «Արմինիա Միտիա» կայանին հետ։





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+