Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտած Է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ -
Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտած Է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահ Ապտալլա Շահիտի այցելութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր:
«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ այս մասին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի. «ՄԱԿ-ի լիազօրուած մարմինները ներկայացնող անձեր պէտք է գործեն ՄԱԿ-ի օրէնսդրութեան եւ միջազգային իրաւական արժեչափերուն ու կանոններուն համապատասխան, մասնաւորաբար, 1948 թուականի ՄԱԿ-ի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» ուխտին: Մենք կը դատապարտենք եւ կը մերժենք քաղաքական շահարկումներու միջոցով պատմական փաստերը եւ միջազգային օրէնքը կեղծելու փորձերը: Թուրքիան այն կարծիքին է, որ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն հետ առնչուած փաստերը պէտք է քննուին լիարժէք, արդար եւ ազնիւ շրջանակներու մէջ»:
Բացի ատկէ, նշուած է, որ Շահիտի Հայաստան այցելութիւնը օգտագործուած է իբրեւ «հայկական միակողմանի թեզերու գործիք»: Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Շահիտը, որ ստանձնած է այնպիսի պաշտօն, որ պիտի ըլլայ արդար եւ անկողմնակալ, ինչպիսին ՄԱԿ-ի Ընդանուր ժողովի նախագահի պաշտօնն է, կ՛ակնկալուի, որ աւելի ուշադիր եւ պատասխանատու գործէ:
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com