Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ նախատեսուած ժողովը վ -
Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ նախատեսուած ժողովը վերջին պահուն յետաձգուեցաւ։
Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) երէկ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ նախատեսուած ժողովը վերջին պահուն յետաձգուեցաւ։ Հակառակ ամրան արձակուրդին, այս շրջանին համայնքային կեանքէն ներս վարչական եռուզեռը աւելցած է՝ հաշուի առնելով, որ շուրջ տասն տարուան սպասումէ մը վերջ արդէն պաշտօնապէս հրապարակուած է փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը, ըստ որու յետաձգեալ բոլոր ընտրութիւնները պէտք է իրականացուին մինչեւ տարեվերջ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ERVAB-ի հարթակին վրայ համախմբուած համայնքային վաքըֆներու մեծամասնութիւնը որոշած էր 4 ընտրական մարմին կազմել՝ նկատի ունենալով նոր կանոնադրութեան մէջ հաստատուած շրջանային դրութեան հիմունքները։ Երէկ Ֆէրիգիւղի մէջ նախատեսուած էր ԹՎՄ-ի եւ այդ ընտրական մարմիններու անդամներուն համատեղ խորհրդակցութիւնը։ Ս.Փ. Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ ԹՎՄ-ը, նախապէս տեղեկացուցած էր, որ պիտի չմասնակցէր այս խորհրդակցութեան։
Ժողովի վերաբերեալ սպասումներու մթնոլորտին մէջ, համայնքային վարիչները ԹՎՄ-ի առցանց հարթակին վրայ վերջին պահուն յարմար դատեցին երէկուան խորհրդակցութիւնը յետաձգել։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր յետմիջօրէին մեզի յայտնեց, որ համայնքային վարիչները անընդհատ կապի մէջ են պատկան պաշտօնական մարմիններուն հետ։ Մասնաւոր կամ մասնակի այդ շփումներու ընթացքին բոլորը կը ջանան պարզել այն հարցականները, որոնք կը ծագին նոր կանոնադրութեան բովանդակութեան ենթակայական մեկնաբանութիւններէն։ ERVAB-ի վերջին ժողովի ընթացքին արդէն յայտարարուած էր, որ իսլամական աշխարհի մօտալուտ տօնի արձակուրդէն վերջ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի շրջանային ներկայացուցիչները կը ծրագրեն ընդհանուր խորհրդակցութիւն մը իրականացնել թրքահայ վաքըֆներու ղեկավարներուն հետ։ Այդ հանդիպումը առիթ պիտի ընձեռէ, որպէսզի հարցականները պարզուին։
ERVAB-ի առցանց հարթակին վրայ համայնքային վարիչները մատնանշած են, որ վերջին հաշուով շատ աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլայ սպասել այդ հանդիպման եւ լսել պաշտօնատարներու բացատրութիւնները։ Արդարեւ, զուտ համայնքային միջավայրի մէջ իւրաքանչիւր խորհրդակցութիւն թէեւ կ՚ըլլայ օգտակար, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, ծնունդ կու տայ նոր հարցականներու։ Ատենապետ Մանուկ Էօղէր մեզի յայտնեց, որ այս բոլորի լոյսին տակ ԹՎՄ-ի երէկ նախատեսուած խորհրդակցութիւնը յետաձգուած է՝ մինչեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան պատասխանատուներուն հետ ծրագրուած ժամադրութիւնը։ Ան աւելցուց, որ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը միշտ պատրաստակամ կը մնայ այդ հանդիպումը հիւրընկալելու համար։
Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com