Յարութիւն Վարդապետ Գնալը Կղզիի Մէջ Անդրանիկ Ս. Պատարագը Մատոյց Ս. Էջմիածնի Տօնին - Gündem
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Երկրատես

Gündem :

22 Haziran 2022  

Յարութիւն Վարդապետ Գնալը Կղզիի Մէջ Անդրանիկ Ս. Պատարագը Մատոյց Ս. Էջմիածնի Տօնին -

Յարութիւն Վարդապետ Գնալը Կղզիի Մէջ Անդրանիկ Ս. Պատարագը Մատոյց Ս. Էջմիածնի Տօնին Յարութիւն Վարդապետ Գնալը Կղզիի Մէջ Անդրանիկ Ս. Պատարագը Մատոյց Ս. Էջմիածնի Տօնին

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, 19 Յունիս 2022, Կիրակի, Ս. Էջմիածնի Տօնին պատմական ու յատկանշական օրերէն մին ապրեցաւ, որով Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, յետ վարդապետական գաւազանի ստացման, Պոլսոյ մէջ իր անդրանիկ Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց ։

Հայր Սուրբը, որ անցեալ շաբաթ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Եկեղեցւոյ մէջ ստացած էր վարդապետական գաւազան, արդէն իսկ Ուրբաթ օր ժամանած էր քաղաքս եւ ստացած՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր եւս օրհնութիւնը։ Սոյն արարողութեան մասնակցելու համար արդէն իսկ բազմաթիւ հաւատացեալ փութացած էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի։

Յընթացս Ս. Պատարագի, Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Եղիա Սրկ. Չալըշըր, Բրշ. Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ եւ Բրկ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամներու կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Արտէն Գարիպեանի։ Բաց աստի, Լեւոն Շատեանի ատենապետած Իշխանաց Կղզեաց Թաղային Խորհուրդի անդամները եւս ներկայ էին։

Նախ քան Տէրունական Աղօթքը, Յարութիւն Վարդապետ շարականի «Ուրախ լեր Սուրբ Եկեղեցի» տողերը կրկնելով ներկայացացուց զանազան առիթներ, որով եկեղեցին Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի Տօնին պէտք է ցնծար։ Այս առումով նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, յայտնելով, թէ՝ Մայր Աթոռոյ մէջ իր կեցութեան շրջանը լաւ ձեւով աւարտին հասած էր եւ ինք որպէս վարդապետ վերադարձած էր իր ծառայութեան վայրը։

Այս առթիւ Հայր Սուրբը ըսաւ հետեւեալը. «Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի օրհնութիւնը կը հասցնենք ձեզի այս տօնակատարութեան ընդմէջէն։ Այս գաւազանը որ մեր ձեռքերուն մէջ կը բռնենք, ո՛չ թէ մեր անձը փառաւորելու գործիք մը պիտի ըլլայ, այլ՝ պիտի ցոլացնէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի օրհնութիւնը մեր ժողովուրդին։ Ան պիտի ճառագայթէ Օշականի սրբութիւնը եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի աւանդութիւնը մեր ժողովուրդին»։ Այս առումով որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին եւ Պատրիարք Սրբազան Հօր, որոնց օրհութիւններով կրկին անգամ վերադարձած էր ծառայելու Պոլսոյ ժողովուրդին։

Հայր Սուրբը յաջորդիւ անդրադարձաւ նաեւ օրուան խորհուրդին եւ յիշեցուց տաճարներուն նշանակութիւնը։ Այս շրջագիծով յայտնեց, թէ՝ որոշակի տաճարներ ո՛չ միայն որպէս աղօթատեղի կը գործեն, այլ՝ իրենց պատերուն մէջ խառնուած է պատմութիւնը, առաքելութիւնը եւ աւելին՝ նպատակ մը։ Ս. Էջմիածնի պարագային եւս այս մէկը ի զօրու էր, քանի Քրիստոս տեսիլքի մէջ յայտնուած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին եւ ցոյց տուած՝ այն վայրը, որ կեդրոնը պիտի դառնար Հայ Ժողովուրդին Քրիստոնէական նոր կեանքին։

Այս առումով ժողովուրդը հրաւիրեց զգաստութեան եւ ըսաւ, թէ՝ մենք եւս մեր քարերը շալկենք նման Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին եւ ներդրում բերենք հոգեղէն Ս. Էջմիածնի տաճարին բարձարցումին ու ամրացման։ Իր խօսքերու աւարտին, մաղթեց նաեւ որ Գնալը Կղզիին համար բարեբեր ամրան շրջան մը ըլլայ։

Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ նաեւ Մաղթանք Մայր Աթոռոյ, որմէ յետոյ Պատարագիչ Հայր Սուրբը «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ եւ զանգակներու ղողանջով թափորով առաջնորդուեցաւ դէպի խորհրդարան, ուր տրուած վերջին օրհնութեամբ արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ։

Հոգեւոր արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ պարտէզը տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, որով Հայր Սուրբը շրջապատուեցաւ Գնալը Կղզիի ընտանիքի եւ Ս. Թագաւոր Դպրաց Դասու անդամներու կողմէ։ Այս առթիւ, Ատենապետ Լեւոն Շատեան յանուն եկեղեցւոյ բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, թէ՝ Հայր Սուրբը վարդապետական գաւազանի արժանացած ու վերադարձած էր իր ծառայութեան վայրը։ Այս առթիւ մաղթեց, որ այս մէկը թէ՛ իրենց եկեղեցւոյ թէ՛ յատկապէս Պոլսոյ Պատրիարքութեան համար բարեբեր ըլլայ։

Այս առթիւ Յարութիւն Վարդապետ եւս հանդէս եկաւ սրտի խօսքով, որով յայտնեց, թէ՝ յատկանշական օրուան մը ականատեսը դարձած էր Գնալը Կղզին։ Ամրան եղանակի բացման արարողութիւնը զուգադիպած էր Ս. Էջմիածնի Տօնին եւ արարողութեանց մասնակցած էին թէ՛ Գնալը Կղզիէն եւ թէ՛ Գատըգիւղէն անձինք։ Հայր Սուրբը, այս առթիւ Գնալը Կղզիի Թաղային Խորհուրդին, Ս. Ներսէսեան Դպրաց Դասուն, Ս. Թագաւոր Դպրաց Դասուն եւ Քանտիլլիի Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ներկայ սարկաւագաց դասու անդամներուն նուիրեց յուշանուէրներ, մաղթելով որ Օշականի օրհնութիւնը տարածուի մեր հաստատութիւններուն վրայ։

Հանդիսութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ նաեւ կարկանդակի բեկանում, որով շնորհաւորանք տեղի ունեցաւ նաեւ հայրերու օրուան առթիւ։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+