«Կ՛ուզենք Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել, Փակել Թշնամանքի Էջը» Կ՛ըսէ Ալիեւ -
«Կ՛ուզենք Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել, Փակել Թշնամանքի Էջը» Կ՛ըսէ Ալիեւ
Ազրպէյճան կ՛ուզէ կարգաւորել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները եւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել: Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Լիթուանիոյ նախագահ Կիթանաս Նաուսետայի հետ երէկ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Մենք լայնօրէն քննարկած ենք նաեւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը: Ես գիտեմ, որ նախագահը Ազրպէյճանէն ետք պիտի այցելէ Հայաստան: Համոզուած եմ, որ այս այցելութեան աւարտէն ետք ան ամբողջական պատկեր պիտի ունենայ:
«Մեր դիրքորոշումը շատ յստակ է, մենք կ՛ուզենք Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել, մենք կ՛ուզենք կարգաւորել յարաբերութիւնները եւ փակել թշնամանքի էջը», ըսած է Ալիեւ:
Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com