Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Մխիթարեան միաբանութեան նոր Պատուիրակի եւ վարչակազմի նշանակում։ -
Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Մխիթարեան միաբանութեան նոր Պատուիրակի եւ վարչակազմի նշանակում։
Նոր Պատուիրակն ու օգնական Հայրերը կոչուած են լուծումներ գտնելու միաբանութեան առկախ հարցերուն, բոլոր միաբաններուն հետ միասին Սահմանադրութիւնը վերատեսնելու եւ կատարելու ընտրական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։Հռոմի Քահանայապետ՝ Փրանկիսկոս Պապի տնօրինումով, ի տես Ընդհանրական Աբբահօր եւ վարչականներու մօտալուտ ընտրական ժողովին, Մխիթարեան Միաբանութեան նոր քահանայապետական Պատուիրակ նշանակուեցաւ Գեր. Մաուրիցիոյ Մալվեսթիթի, Լոտի քաղաքի եպիսկոպոսը։
Ի տարբերութիւն նախորդ Պատուիրակին՝ Լեւոն Արք. Զէքիեանի, իրեն խորհրդատու նշանակուեցան Մխիթարեան միաբաններ՝ Հ. Մեսրոպ Վրդ. Սիւլահեան եւ Հ. Սերովբէ Վրդ. Չամուրլեան։ Քարտուղարն է Հ. Համազասպ Վրդ. Քէշիշեան եւ Մատակարար՝ Հ. Նարեկ Վրդ. Տատուրեան։
Նոր Պատուիրակն ու օգնական Հայրերը կոչուած են լուծումներ գտնելու միաբանութեան առկախ հարցերուն, բոլոր միաբաններուն հետ միասին Սահմանադրութիւնը վերատեսնելու եւ կատարելու ընտրական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։
Լիայոյս ենք որ Մխիթարի տան արեւաբոյր ցայգալոյսը հրճուանքի պատճառ դառնայ համայն հայորդիներուն եւ բարեմաղթութիւն հայազգի վերելքին։
Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com