​Ալիեւ Եւ Էրտողան Դարձեալ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Եւ Հայաստանի Մասին Խօսած Են - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

12 Mart 2022  

​Ալիեւ Եւ Էրտողան Դարձեալ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Եւ Հայաստանի Մասին Խօսած Են -

​Ալիեւ Եւ Էրտողան Դարձեալ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Եւ Հայաստանի Մասին Խօսած Են ​Ալիեւ Եւ Էրտողան Դարձեալ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Եւ Հայաստանի Մասին Խօսած Են

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները Անգարայի մէջ իրենց հանդիպումին ընթացքին դարձեալ խօսած են «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին եւ պնդած, թէ Հայաստանը պէտք է կատարէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի նախագահական պալատին:

Էրտողանի եւ Ալիեւի միջեւ շուրջ 4 ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Պաքու յայտարարած է, թէ օրակարգին վրայ եղած է Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը: «Ալիեւն ու Էրտողանը ընդգծած են Զանգեզուրի միջանցքի բացման կարեւորութիւնը եւ այն հեռանկարները, որ անիկա կը ստեղծէ շրջանին համար, եւ այդ առնչութեամբ Կարս-Նախիջեւան երկաթուղիի կառուցումը», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահական նստավայրը:

Ըստ հաղորդագրութեան, Ալիեւ եւ Էրտողան ընդգծած են, թէ կարեւոր է, որ Հայաստանը ամբողջովին կատարէ ղարաբաղեան վերջին պատերազմէն ետք եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ հայկական եւ թրքական պատուիրակութիւններուն միջեւ հաղորդակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ ուքրանական ճգնաժամին:

«Անդրադարձ կատարուած է ուժանիւթային ոլորտին մէջ թուրք-ազրպէյճանական համագործակցութեան, քննարկուած են Թուրքիոյ յաւելեալ կազամատակարարման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ տարածքով` Եւրոպային», հաղորդած է Ազրպէյճանի նախագահական պալատը` աւելցնելով` Ալիեւ եւ Էրտողան նաեւ քննարկած են Իգդիր-Նախիջեւան կազի խողովակաշարի կառուցման հարցը, որուն համար Ազրպէյճանի պիւտճէին մէջ միջոցներ նախատեսուած են:

Ալիեւ իր թուրք պաշտօնակիցը հրաւիրած է Պաքու: Թուականի մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր:








Bu haber aztag kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztag) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztag). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+