Ոչ Եւս Է Վաստակաւոր Կրթական Մշակ Մարի Տէյիրմենճեան - Gündem
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Շանթակող

Gündem :

08 Mart 2022  

Ոչ Եւս Է Վաստակաւոր Կրթական Մշակ Մարի Տէյիրմենճեան -

Ոչ Եւս Է Վաստակաւոր Կրթական Մշակ Մարի Տէյիրմենճեան Ոչ Եւս Է Վաստակաւոր Կրթական Մշակ Մարի Տէյիրմենճեան

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ երեկոյեան ժամերուն ի Տէր հանգած է վաստակաւոր կրթական մշակ Մարի Տէյիրմենճեան, որու կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուցած է պոլսահայ կրթական համակարգէն, համայնքային շրջանակներէն ներս, ինչպէս նաեւ, բնականաբար, իր սիրելիներուն մօտ։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի վաստակեալ եւ ինքնուրոյն դէմքերէն մին էր Մարի Տէյիրմենճեան, որու մարմնաւորած կերպարը բոլորին յարգանք կը պարտադրէր՝ նկատի ունենալով սերունդներու դաստիարակութեան ուղղութեամբ ներդրած անսպառ եռանդը։ Հայ դպրոցի ծառայութեան ուխտեալներէն Մարի Տէյիրմենճեանի մահով պոլսահայութեան երկնակամարէն կը սահի աստղը այնպիսի կրթական մշակի մը, որ հայ ուսուցիչի կոչումէն բխած զգայնութիւնները նոյնացուցած էր իր կեանքի արժեհամակարգին հետ։

Մարի Տէյիրմենճեան (ծնեալ՝ Գատէհճեան) ծնած էր 1947 թուականին Իսթանպուլի մէջ։ Առաջնեկն էր հոգելոյս Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Գատէհճեանի եւ երէցկին Հայկանոյշ Գատէհճեանի (ծնեալ՝ Մխիթարեան)։ Նախակրթութիւնը ստացած էր Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ, ապա յաճախած էր Էսաեան վարժարան, որ եղած էր իր կեանքի առանցքներէն մին եւ որու նկատմամբ պաշտամունքի համազօր սէր տածած էր կեանքին ողջ տեւողութեան։ Էսաեանէն շրջանաւարտ ըլլալէ վերջ աշխատանքի անցած էր դպրոցի դիւանին մէջ։ Քարտուղարութեան յաջորդած էր նոյն վարժարանէն ներս ուսուցչագործութիւնը։ Երկար տարիներ որպէս ուսուցչուհի աշխատած էր Գարակէօզեան Տան մէջ։ Մարի Տէյիրմենճեանի պաշտօնավարութիւնը զուգադիպած էր այն տարիներուն, երբ Գարակէօզեան Տան աշակերտներուն համար ուսուցիչ-ուսուցչուհիները միայն դաստիարակի դեր չէին կատարեր, նաեւ ծնողի սէրն ու գուրգուրանքը կը փոխարինէին, ինչ որ գերմարդկային ջանքեր կը պահանջէր։ Մարի Տէյիրմենճեան այդ բարդ գործին մէջ ինքզինք լի ու լի արդարացուցած էր, սիրաշահած էր բոլորը եւ այդ յարգանքին ու համակրանքին բարոյական պտուղները կը քաղէր նոյնիսկ տասնամեակներ անց, երբ զանազան առիթներով իր սաները ջերմօրէն կը շրջապատէին զինքը ու կ՚արտայայտէին երախտագիտութիւն։ Գարակէօզեան Տան մէջ պաշտօնավարութենէն վերջ, եղած էր Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհի եւ արդէն հանգստեան կոչուած էր այդ դիրքի վրայ։ Նկատի ունենալով, որ իր փորձառութիւնն ու նուիրումը համատարած գնահատանքի արժանացած էին՝ հանգստեան կոչուելէ վերջ իրեն վստահուած էր կարեւոր առաքելութիւն մը Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկէն ներս, ուր երկար ժամանակ եղած էր գրասենեակի վարիչը։

Մարի Տէյիրմենճեան կեանքին մինչեւ վերջը մնացած էր էսաեանցի, իր դպրոցի հպարտ սանն էր ու միշտ յատուկ սէր ու պատկանելիութիւն կը զգար անոր նկատմամբ։ Այդ սէրը անսակարկօրէն կը տարածուէր նաեւ իր դասընկերուհիներուն վրայ, որոնց հետ երբեք չէր խզած իր յարաբերութիւնները։

Դպրոցին նկատմամբ տածած անսահման սիրոյն հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ կը դասէր հայ գիրին ու գրականութեան, հայոց լեզուին ու մշակոյթին հանդէպ հաւատարմութիւնը։

Արհեստավարժ կեանքի եւ ընկերային սերտ յարաբերութիւններու առընթեր, Մարի Տէյիրմենճեան եղած էր ընտանիքի նուիրեալ մը, գորովագութ մայր մը։ Ամուսնացած էր հոգելոյս Կարօ Տէյիրմենճեանի հետ, որու անժամանակ կորուստը մօտաւոր անցեալին մեծ ցնցում պատճառած էր իրեն։ Կարօ եւ Մարի Տէյիրմենճեանները բախտաւորուած էին երկու զաւակով՝ Սեւան եւ Անի։ Հայկական տոհմիկ ընտանիքի ջերմ մթնոլորտը կը բուրէր անոնց յարկէն ներս, որու բնորոշ էր նախ եւ առաջ հիւրընկալութիւնը։ Թէ՛ քաղաքին մէջ եւ թէ մասնաւորապէս՝ Գնալը կղզիի իրենց ամարանոցին մէջ Տէյիրմենճեաններուն տեսակէտէ մեծագոյն հաճոյքն էր վայելել բարեկամներու ներկայութիւնը։ Անոնք իրենց զաւակներն ալ հասցուցած էին նոյն շունչով։ Իրենց անդրանիկ որդին առաջնորդած էին հայ դպրոց. Կեդրոնականը աւարտելէ վերջ Սեւան Տէյիրմենճեան արդէն յաճախած էր Երեւանի Պետական համալսարանի Գրականութեան ֆաքիւլթէն, ուրկէ մագիստրոսի աստիճանով վկայուած՝ որպէս բանասէր ու գրականագէտ։ Իսկ Անի Տէյիրմենճեան արդէն քաղաքիս Աւստրիական վարժարանը աւարտելէ վերջ ուսումը շարունակած էր Վիեննայի մէջ։

Մարի Տէյիրմենճեան, որ ունէր խաղաղ խառնուածք, միշտ երջանիկ էր՝ շրջապատուած ըլլալով իր հարազատներով։ Դժբախտաբար, մօտաւոր անցեալին Նախախնամութիւնը զինք զրկած էր նախ իր ամուսինէն, ապա հարազատ եղբօրմէն։ Այդ ցնցումներէն վերջ մխիթարութիւն գտած էր թոռնիկին՝ փոքրիկն Վանենիի ծնունդով։ Կեանքի վերջին տարիներուն Վանենին իրեն պարգեւած էր թարմ եռանդ ու նոր լաւատեսութիւն։ Միշտ կը խրախուսէր իր զաւակներուն մասնագիտական գործունէութիւնը՝ մայրական գուրգուրանքով, անձնական հասունութեամբ եւ իր իմաստութիւնով։

Այդպէսով ալ Մարի Տէյիրմենճեան մինչեւ վերջին շունչը շրջապատուած մնաց իր հարազատներուն, իր սիրելիներուն կողմէ, որոնց բարոյական զօրակցութեան վրայ վերջին շրջանին աւելցած էր բժիշկներու մասնագիտական խնամքը։ Հուսկ, երէկ երեկոյեան ժամերուն ան 75 տարեկան հասակին աչքերը փակեց կեանքին՝ քաղցր ու անթառամ յիշատակ մը թողլով իր ընտանիքին եւ սիրելիներուն մօտ։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Մարի Տէյիրմենճեանի հոգւոյն՝ մաղթելով, որ իր յաւիտենական նենջը ըլլայ խաղաղ։ Խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք մեր սիրելի գործընկեր Սեւան-Մելիս Տէյիրմենճեան ամոլին եւ դստեր՝ փոքրիկն Վանենիին, նոյնպէս մեր սիրեցեալ ընկերուհի Անի Տէյիրմենճեանին, Գատէհճեան եւ Մորպոյաճը ընտանիքներուն, հանգուցեալի պաշտօնակից կրթական մշակներուն, էսաեանցի ընկերուհիներուն եւ համայն սիրելիներուն։

Յուղարկաւորութեան վայրն ու թուականը առանձնապէս պիտի հրապարակուին ընտանեկան մահազդով։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+